Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Կալկաթայի հայոց Մարդասիրական Ճեմարանը կը յայտարարէ 7-11 տարեկան աշակերտներու ընդունելութիւն:

Ընդունելութիւնը պիտի կատարուի հարցազրոյցով՝ տրամաբանական եւ առարկայական գիտելիքները ստուգելով: Ուսման, կեցութեան եւ ուղեւորութեան բոլոր ծախսերը կը հոգայ ճեմարանը:

Պահանջուող փաստաթուղթեր
Անձնագիր (առնուազն 4 տարուան վաւերականութեամբ)
Ծնողներու (խնամակալի կողմէն համաձայանագիր նօտարի կողմէն հաստատուած)
Մկրտութեան վկայական (եթէ մկրտուած է)
Դպրոցի վիճակացոյց (յառաջդիմութեան թերթիկ)
Բոլոր փաստաթուղթերը, որոնք անգլերէն լեզուով չեն, պէտք է թարգմանուին անգլերէնի եւ ունենան նօտարական վաւերացում: Եթէ անձնագրի մէջ առկայ է անգլերէն թարգմանութիւն կարիք չկայ զայն դարձեալ թարգմանելու։
6 լուսանկար (3.5cm x 3.5cm)

Ծանօթութիւն
Հայոց Մարդասիրական Ճեմարանը հայկական թեքումով անգլիական միջնակարգ դպրոց է։ Բոլոր ծախսերը կը հոգայ ճեմարանը, ինչպէս նաեւ երեք տարին մէկ անգամ արձակուրդի ճանապարհածախսը, իսկ եթէ ծնողը (խնամակալը կը ցանկայ որեւէ առիթի պարագային կամ ժամկէտէն շուտ ետ կանչել իր երեխան, պարտաւոր է գրաւոր դիմելու ճեմարանի կառավարիչին եւ հոգալու աշակերտի ճանապարհածախսը):

Դիմումները ներկայացնել Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածինի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոն, ամէն օր, բացի Շաբաթ եւ Կիրակի օրերէն, ժամը՝ 10:00-16:00, հասցէ՝ ք. էջմիածին, Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածինի տարածք:

Տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել՝ (010) 517 199 թիւին: