Ահաբեկչութիւնը մարտահրաւէր կը կարդայ ապահովական կառոյցներուն
Տարեսկիզբին Պէյրութի հարաւային արուարձանները հարուածած պայթումին հետեւանքները տակաւին չթօթափած եւ Հերմելի պայթումէն հազիւ հինգ օրեր անց, նոր պայթում մը եկաւ ցնցելու Լիբանանի առանց այդ ալ գրեթէ «խախուտ» ապահովական վիճակը:
Երէկ Երեքշաբթի, Յունուար 21ին, Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ տեղի ունեցած ուժգին պայթումի մը հետեւանքով սպաննուեցան առնուազն չորս քաղաքայիններ:
«Հըզպալլա»ի միջնաբերդը նկատուող շրջանին մէջ տեղի ունեցող պայթումներու շարքին մաս կազմող այս յարձակումին հետեւանքով վիրաւորուած են 46 ուրիշներ՝ ըստ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան: Ըստ նախնական տուեալներուն՝ պայթումը անձնասպանական արարք մըն էր:
«Ճապհաթ Նուսրա» կազմակերպութիւնը ստանձնեց յարձակումին պատասխանատուութիւնը:
Ահաբեկչութիւնը մարտահրաւէր
կը կարդայ ապահովական կառոյցներուն
Հակառակ երկրի վարիչներուն, յատկապէս ապահովական կառոյցներուն որդեգրած ապահովական խիստ միջոցառումներուն, լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ կրկնուող ահաբեկչական պայթումները կու գան լուրջ մարտահրաւէր կարդալու երկրին ապահովական կառոյցներուն: Դժբախտաբար Լիբանանի տասնամեակներու քաղաքացիական պատերազմը յիշեցնող մթնոլորտի մը մէջ, ահաբեկիչները կամ զանոնք «գործի լծող» կողմը կամ կողմերը մարդկային այս յոռեգոյն ոճը կը գործածեն իբրեւ խաղաքարտ‘ քաղաքական խաղին մէջ իրենց պայմանները պարտադրելու համար:
Լիբանանեան պատերազմէն «աւանդ» մնացած փորձառութիւնը կը յիշեցնէ, որ շրջանային կամ միջազգային իւրաքանչիւր անկիւնադարձային դէպք զինք կանխող կամ հետեւող արձագանգները կ՛ունենայ քաղաքական ու ապահովական «փորձադաշտ» նկատուող լիբանանեան հրապարակին վրայ: Տեղական իմաստով կառավարութեան նոր կազմի մօտալուտ բացայայտումը, շրջանային ու միջազգային առումով՝ սուրիական տագնապին լուծման առաջադրանքով գումարուող «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը յարմար առիթներ եղան ահաբեկիչ կողմին՝ նման պայթումով իր պատգամը փոխանցելու:
«Ազդակ» կը հաղորդէ թէ պայթումին զոհերէն 18-ամեայ Մարիա Ժաուհարի կարծէք գուշակած էր՝ «այս երրորդ պայթումն է որմէ կը փրկուիմ, չեմ գիտեր, եթէ չորրորդին զոհ կ՛երթամ…», գրելով իր դիմատետրի էջին վրայ:
Դէպքը, որ ահ ու սարսափի մատնեց Լիբանանի ու յատկապէս Հարեթ Հըրէյքի բնակիչները , հետեւանք էր անձնասպանական գործողութեան մը, երբ ականներով պատուած ահաբեկիչը պայթեցուց «Քիա» տիպի ճիփ ինքնաշարժը, որ իր կարգին ականուած էր 15 քկ պայթուցիկ ռումբով:
Չորս զոհ եւ աւելի քան 46 վիրաւոր արձանագրած պայթումին գծով ականատեսներ նշեցին, որ ահաբեկիչը երէկ խիստ արագ վարելով «Քիա» տիպի ինքնաշարժը, հասած է Հարեթ Հըրէյքի «Քուտս» գրադարանին մօտ, ուր ինքզինք պայթեցուցած է՝ ուղղակիօրէն կործանելով մօտակայ չորս շէնքեր, ինքնաշարժներ, վաճառատուներ: Մարդկային զոհերու կողքին պայթումէն ազդուած են նաեւ դէպքի վայրին մօտակայ հաստատութիւնները, որոնք տակաւին չէին թօթափած նախորդ պայթումին հետեւանքները:
Պատկան մարմիններ քննութիւն բացած են ստուգելու ահաբեկիչին ինքնութիւնը: Այս ծիրին մէջ, ապահովական աղբիւրներ յայտնեցին, որ ականահարուած ինքնաշարժը անցնող Հոկտեմբերի վերջը գողցած անձին ինքնութիւնը ստուգուած եւ յանցագործը արդէն իսկ քանի մը օրեր առաջ այլ գողութեան յանցանքով արգելափակուած է:
Դատապարտումներ
Պայթումը դատապարտումի լայն ալիք ստեղծեց ժողովրդային, պաշտօնական, քաղաքական, հոգեւոր թէ դիւանագիտական մակարդակներու վրայ:
Ամանորեան շնորհաւորական այցելութեամբ Պաապտա այցելած հիւպատոսական անձնակազմին առջեւ խօսք առնելով՝ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման դատապարտեց դէպքը՝ կոչ ուղղելով ազգային միասնականութեամբ կանխարգիլելու ահաբեկչութիւնը: Սլէյման ընդգծեց, որ ներկայիս տեղական թէ արտաքին համախոհութիւն կայ «Պաապտայի յայտարարութեան» գործադրման գծով, «որ կը վայելէ բազմաթիւ կողմերու զօրակցութիւնը»:
Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ բուռն կերպով դատապարտեց «ահաբեկչական քստմնելի արարքը» եւ կոչ ուղղեց ներքին միասնակամութեամբ հակազդելու անոր: Սալամ նաեւ կոչ ուղղեց ապահովական կողմերուն‘ ճիգ չխնայելու ահաբեկիչներու քողազերծման եւ զանոնք խստագոյն պատիժներու ենթարկելու գծով:
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հիլը եւ կոչ ուղղեց օգնելու Հարեթ Հըրէյքի պայթումէն վնասուածներուն: Ան դատապարտեց պայթումը՝ կոչ ուղղելով համախմբուելու նոյն սեղանին շուրջ: