Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հայազգի տնտեսագէտ, Մասաչուսեթսի արհեստագիտական համալսարանի (MIT) փրոֆէսէօր Տարօն Աճեմօղլուն աշխարհի մէջ ամէնէն շատ ճանչցուած ու յաճախ յիշատակուող տնտեսագէտներէն մէկն է: 

Ճէյմզ Ռոպինսընի հետ հրատարակած իր վերջին գիրքը՝ «Ինչո՞ւ կը ձախողին ազգերը» խորագրով, վերջերս լոյս տեսաւ յունական «Լիվանիս» հրատարակչատան կողմէ:

519 էջերէ բաղկացած գիրքը, երկու փրոֆէսէօրներու 15 տարուայ վրայ երկարող աշխատասիրութիւն մըն է, որ կարեւոր հարցականի մը պատասխանը կը հանդիսադրէ. Թէ ինչո՞ւ կան ազգեր որ հարուստ են, մինչ այլ ազգեր կը մնան աղքատ: Թէ ո՞ր պատճառներու հիմամբ՝ կրթութիւնը, սնունդը, առողջապահական մակարդակը, հիւանդութիւնները բաժանարար կէտեր կը հանդիսանան ազգերուն միջեւ:
Գիրքին մէջ տեղ գտած են մանրամասն վերլուծութիւններ՝ առանձին եւ ընդհանրական օրինակներու վրայ, սկսելով Հռոմէական կայսրութենէն մինչեւ Մայիաներու երկիր-քաղաքները, միջնադարեան Վենետիկը, Խորհըրդային Միութիւնը, Լատին Ամերիկան, Մեծն Բրիտանիան, Եւրոպան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Ափրիկէն:
Երկու փրոֆէսէօրները իրենց այս փորձագիտական մօտեցումով տնտեսութեան քաղաքականութեան նոր հիմքը փորձած են ստեղծել:
Աճեմօղլու ծնած է 1967 թուականին, Պոլիս: Փայլուն կրթութիւն ստացած է Միացեալ Թագաւորութեան Եորքի համալսարանէն, ապա իր դոկտորական թեզը պաշտպանած է Լոնտոնի Տնտեսագիտական դպրոցէն ներս, որ կը համարուի աշխարհի լաւագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն մէկը: