Հրէականութեան ֆրանսական հիմնարկէն (FJF) ներս գործող «Լէոն Սքոփ/Ֆէլա Ռոզէնպաում» հիմնարկը 2013ի մրցանակը շնորհեց Տէսինի Հայ յուշագրութեան ազգային կեդրոնին:
Մրցանակի յանձնումի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբերին Լիոնի մէջ, Դիմադրականութեան եւ Տարագրութեան պատմութեան կեդրոնի (CHRD) յարկին տակ:
3.000 եւրոյի այս մրցանակը կը շնորհուի անձերու կամ հիմնարկներու, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալեն եիտիշ մշակոյթի եւ լեզուի զարգացման ի նպաստ: Այս տարի բացառաբար ան կը տրամադրուի կառոյցի մը, որ գործունէութիւն կը ծաւալէ ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշագրութեան եւ հայկական մշակոյթի փոխանցման:
Մրցանակը յանձնուեցաւ հիմնարկի հիմնադիրին՝ Փօլ Սքոփի կողմէ Յուշագրութեան կեդրոնի նախագահ Ժիւլ Մարտիրոսեանին եւ տնօրէնուհի Քաթիա Պուտոյեանին: Իր ելոյթին մէջ Ժիւլ Մարտիրոսեան, թուելէ ետք իր նախագահած կեդրոնին հետապնդած հեռանկարները, նշեց նաեւ «ֆրանքեւհայկական համաստեղծագործութեամբ՝ սփիւռքային ընկերա-մշակութային ինքնութիւնը եւ անոր հաւաքական իմացութիւնը վերականգնելու իրենց նպատակը»: