Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Վրաստանի Հ.Օ.Մ.ի անդամները Ամանորի ծրագրի ծիրէն ներս այցելեցին Նինոծմինդայի շրջանային հիւանդանոցի ծննդատունը, ուր շնորհաւորեցին նորածիններու մայրերը Ամանորի առիթով:

Ծննդատան մէջ Հ.Օ.Մ.ուհիները մայր դարձած կիներու եւ անոնց նորածին երեխաներուն բաժնեցին նուէրներ:
Վրաստանի Հ.Օ.Մ.ի կազմակերպած յաջորդ ծրագիրը Նինոծմինդայի մէջ ծնողազուրկ երեխաներու համար էր, որը տեղի ունեցաւ Նինոծմինդայի Սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:
Չնայած եղանակային վատ պայմաններուն, եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուեցան երեխաներ տարբեր գիւղերէ: Հ.Օ.Մ.ուհիները երեխաներու Ամանորը շնորհաւորելէն ետք անոնց նուիրեցին տօնական նուէրներ:
Ախալքալաքի մէջ Վրաստանի Հ.Օ.Մ.ի կողմէ կրկին ծնողազուրկ երեխաներու եւ հաշմանդամներու համար կազմակերպուած էր ամանորեայ միջոցառում, որու ընթացքին երեխաներուն բաժնուեցան ամանորեայ նուէրներ:
Հ.Օ.Մ.ուհիները այցելեցին նաեւ Ախալքալաքի ծննդատուն եւ այնտեղ եւս նուէրներ բաժնեցին ծննդաբերած մայրերուն:
Ախալցխայի մէջ եւս տեղի ունեցած էր ծնողազուրկ երեխաներու համար բարեգործական միջոցառում:

ՀՕՄը Կը Շարունակէ Օժանդակել
Արցախի Բազմազաւակ Ընտանիքներուն

Ամանորեայ եւ Սուրբ ծննդեան տօներուն առիթով կատարած նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ ՀՕՄի Արցախի միաւորը Մարտակերտի շրջանի 7 բազմազաւակ ընտանիքներու նուէրներ տրամադրած է՝ սննդամթերք, հագուստ եւ տնտեսական առարկաներ:
ՀՕՄի Արցախի միաւորի վարչութեան ատենապետ Արմինէ Յարութիւնեան յայտնած է, որ ասիկա աւանդական դարձած նախաձեռնութիւն է, որուն մէջ այս տարի ներգրաւուեցան նաեւ այլ շրջաններ։
«Ընտրեցինք Մարտակերտի շրջանը, քանի որ այն պատերազմից առաւել տուժած է, եւ այստեղ բազմազաւակ ընտանիքների թիւը մեծ է: Ընտրուած 7 ընտանիքներն առաւելագոյն՝ 8-10 երեխայ ունեցողներն են», բացատրած է Ա. Յարութիւնեան:
Անոր համաձայն, նման ծրագիրներ միայն Ամանորին չեն գործադրուիր. նմանօրինակ ծրագիրներ կան ամբողջ տարուան ընթացքին, սակայն հիմնականին մէջ անոնք առնչուած են ՀՕՄի նիւթական կարելիութիւններուն։
Յառաջիկային՝ հայրենիքի պաշտպանի օրուան ընդառաջ, կ՛ակնկալուի այցելութիւն սահմանամերձ զօրամասեր: «Նախապէս համեղ տնական ճաշեր, քաղցրաւենիքներ ենք պատրաստում զինուորների համար, եւ այնպէս ենք անում, որ այդ ամէնը բաժին ընկնի ե՛ւ սահմանում կանգնած ե՛ւ զօրամասում, ե՛ւ հիւանդանոցում գտնուող զինուորներին», նշած է Յարութիւնեան:
Դեկտեմբեր 25ին պարսկահայ բարերարներու եւ ՀՕՄի փոխհամագործակցութեամբ՝ Շուշիի բազմազաւակ եւ հաշմանդամներու ընտանիքներու երեխաները նուէրներ ստացած են:
Այդ մանուկներուն օրը յիշատակելի դարձնելու միտումով ՀՕՄը կազմակերպած էր ամանորեայ փոքրիկ հանդիսութիւն, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են Շուշիի «Մ. Խանդաւիրեան»ի անուան թատրոնը եւ մշակոյթի ու երիտասարդութեան պալատի երաժիշտ Գայիանէ Պօղոսեանը: