Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Այս գրութեան համար առիթ ընծայեց Յունաստանի օդանաւային փոխադրումներու մարզէն ներս նոր մուտք գործող «Ռայանէր» ընկերութեան քայլը, որ յայտարարեց թէ Ապրիլէն թռիչքներ կը սկսի կատարել Աթէնքէն դէպի վեց տարբեր քաղաքներ (Ռոտոս, Խանիա, Թեսաղոնիկէ, Լոնտոն, Փաֆոս եւ Միլանօ):

Տպաւորիչ էր «Ռայանէր»ի տուած գնահատականը, թէ այս թռիչքներով Յունաստանի մայրաքաղաք պիտի փոխադրէ տարեկան 1.2 միլիոն ճամբորդներ:

Օդանաւային փոխադրումներու հարցը շատ կարեւոր ազդակ մըն է երկիրներու զարգացման գործընթացին մէջ: Պարզ է թէ դիւրաւ անցանելի ճանապարհները, օդային թռիչքներու յաճախականութիւնը, տոմսակներու գիները եւ բոլոր յարակից գործօնները՝ արդիւնքի սատարող կարեւոր ազդակներ են: Երկրի մը զարգացման պայմաններուն անքակտելի օղակներն են:
Յունաստան եւ Հայաստան նմանօրինակ դիրքի մէջ գըտնուած են վերջին տարիներուն ընթացքին, այս հարցին մէջ: Տնտեսական տագնապը մէկ պարագային, սեփականաշնորհումներու տարափը, եւրոպական օդային քաղաքականութիւնը, ընկերութիւններու սնանկացումը հազիւ մի քանին են այս պատճառներէն: Արդի՞ւնքը: Լրիւ մեկուսացում:
Հայաստան եւ Յունաստան հեռացած դիրքերով կը ներկայանան եւրոպական քարտէսին վրայ: Այս կը նշանակէ թէ յաւելեալ կենսական կը դառնայ օդանաւային փոխադրութեան հարցը, հոն ուր ցամաքային (ինքնաշարժով կամ երկաթուղիով) եւ ծովային փոխադրումները շատ երկար ժամանակ կը խլեն մարդոց կամ ապրանքներու փոխադրութեան համար:
Յունական շուկայէն ներս «Ռայանէր»ի ներկայութիւնը նոր մշակոյթ կը բերէ օդանաւային փոխադրութեանց հարցին, «ցած գիներու» իր փիլիսոփայութիւնը պարտադրելով եւ շուկայական վերադասաւորման առաջնորդելով:


ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԷՆ ԴԷՊԻ ԵՐԵՒԱՆ
ՕԴԱՆԱՒԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԳԻՆԵՐՈՒ 
ՑՈՒՑԱԿ

Համացանցի վրայ որոնում մը, ի յայտ կը բերէ օդանաւային ընկերութիւններու կողմէ ճըշդուած սակագիներու նախնական պատկերը, Աթէնքէն դէպի Երեւան ճանապարհորդութեան համար։
Ինչպէս ծանօթ է ուղղակի գիծը դադրած է գործելէ, «Արմավիա» ընկերութեան սնանկացումէն ետք։ Այս ճանապարհը կ'իրագործեն օտար օդանաւային ընկերութիւններ, քանի որ յունական ընկերութիւնը Պաքու եւ Թիֆլիս կ'երթայ, սակայն ոչ՝ Երեւան։
Այսպէս Աթէնքէն Երեւան գացող ճամբորդը պարտաւոր է այլ քաղաքներէ անցնող թռիչքներ ընտրելու։

Քննելով թէ ո՞ր ընկերութիւնները մատչելի գիներ կը տրամադրեն, հաստատեցինք թէ հետեւեալ ընտրութիւնները կան.-
ա) Աթէնք-Երեւան-Աթէնք (ռուսական Սերեմեթիէվօ քաղաքին միջոցաւ) «Aeroflot» ընկերութեան թռիչք՝ 326 եւրօ։
բ) «Austrian» ընկերութեան թռիչքը Աթէնքէն - Երեւան (Վիեննայի միջոցաւ) եւ ետ՝ 530 եւրօ։
գ) «Աէրոֆլոթ»ի եւ «Ուքրանական գիծերու» օգտագործումով այլ թռիչք մը, դարձեալ ռուսական Սերեմեթիէվոյի միջոցաւ, կ'արժէ 455 եւրօ։

Air France օդանաւային ընկերութիւնը
կտրուկ բարձրացուց ճամբորդութեան գիները դէպի Երեւան
Armavia օդանաւային ընկերութեան սնանկացումէն ետք, ճամբորդութիւնը դէպի Երեւան եղած է ամէնէն սուղը՝ դէպի Կովկասի երկիրներ։
Air France օդանաւային ընկերութիւնը եղած է միակ ընկերութիւնը որ փորձեց պահել օդանաւային գիծը դէպի Երեւան։ Փարձր յաճախականութիւն ունեցող ամիսներուն, ընկերութիւնը կþիրականացնէր չորս շաբաթական թռիչք դէպի Երեւան, իսկ աւելի ցած եղանակներուն երկու շաբաթական թռիչք։
Դժբախտաբար բայց տոմսակի արժէքը օրէ օր կը բարձրանար, ու այսպէս հասաւ Օգոստոս ամսուայ ընթացքին տոմսի արժէքը դէպի Երեւան կþարժէր 915 եւրօ, Կովկասի երկիրներէն ամէն սուղը։ Դէպի Պաքու տոմսի գինը կը հասնէր 529 եւրօ, իսկ դէպի Թիֆլիս 620 եւրօ։
Aeroflot օդանաւային ընկերութիւնը եղաւ ամէնէն շահաւորը։ Սովետական կարգավիճակէն ետք, բոլոր նորութիւններով եւ իր մատակարարած դիւրիւթիւններով եղաւ ամէնէն մրցակցային ընկերութիւնը։ Եօթ ամէնօրեայ թռիչքներ Փարիզէն Մոսկուա եւ չորս ամէնօրեայ թռիչքներ Մոսկուայէն Երեւան շատ շահաբեր էր։

ՍՏՈՐԱԳՐԱՀԱՒԱՔ՝ ՓԱՐԻԶ-ԵՐԵՒԱՆ ՕԴԱՆԱՒԻ ԱՒԵԼԻ ԱԺԱՆ ՏՈՄՍԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ
Ֆրանսահայ քանի մը քաղաքացիներ ստորագրահաւաքի մը ձեռնարկած են, ֆրանսական «Էռ Ֆրանս» օդանաւային ընկերութենէն պահանջելով Ֆրանսայէն դէպի Հայաստան օդանաւի տոմսերուն գիներուն նուազումը: Շրջանառութեան դրուած համացանցային շրջաբերականին մէջ կÿըսուի, թէ 2013 Մարտէն ի վեր «Էռ Ֆրանս» օդանաւային միակ ընկերութիւնն է, որ Ֆրանսայէն ուղղակի թռիչքներ կÿապահովէ դէպի Հայաստան:
«Դժբախտաբար սակերը բարձր են, ինչ որ ճամբորդները կը ստիպէ հրաժարելու իրենց ճամբորդութենէն, կամ ալ՝ յետաձգելու» կ'ըսուի հոն: Բաղդատութեան համար տանք Օգոստոսի մէջ Փարիզ-Երեւան (891,73 եւրօ) եւ Փարիզ-Թիֆլիս (597,37 եւրօ), ինչպէս եւ Նոյեմբերի մէջ Փարիզ-Երեւան (549,73 եւրօ) եւ Փարիզ-Թիֆլիս (377,37 եւրօ) երկու օրինակները: Թիֆլիսը ընտրուած է նկատի ունենալով այդ քաղաքին ուղղութեան եւ հեռաւորութեան նմանութիւնները՝ Երեւանի հետ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ
ՊԻՏԻ ՎԵՐՑՆԵՆ ՕԴԱՅԻՆ ԲՈԼՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի պատկան մարմինները համաձայնութիւն մը կնքած են երկու երկիրներու միջեւ օդային կապի առընչուող բոլոր սահմանափակումները վերցնելու մասին: Այսպէս, կը վերցուին օդային ընկերութիւններու թիւին, թռիչքներու ուղղութիւններուն եւ յաճախականութեան, ինչպէս նաեւ օդանաւերու տեսակներուն վերաբերող բոլոր սահմանափակումները: Ըստ ռուսական աղբիւրներու, միայն ռուսական ընկերութիւնները 587.945 ճամբորդ փոխադրած են 2012ին, երկու երկիրներուն միջեւ: