Պրիւքսէլի մէջ ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսէնի հետ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման ժամանակ զուարճալի դէպք մը տեղի ունեցաւ, երբ Ռասմուսէն մոռցաւ ողջունել Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամեդեարովին։ Այս մասին հաղորդած է BBC-ն։
Սեղանի մօտ նստելէ առաջ Ալիեւը ՆԱԹՕի գըլխաւոր քարտուղարին յիշեցուցած է իր պատուիրակութեան ներկայութեան մասին եւ մատով ցոյց տուած է Էլմար Մամեդեարովին, որ կանգնած էր Ալիեւի ետեւը։
Ռասմուսէնը պահ մը շուարելով՝ ողջունած է նաեւ իրենց։ Ծիծաղաշարժ դէպքը զուարճացուցած է ներկաները։