Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Յունուար 14ին ազատ արձակուեցաւ Հալէպի մէջ առեւանգուած 84ամեայ Գալուստ Համբարձումեանը։

Ան առեւանգուած էր նախորդ տարուայ Դեկտեմբեր 23ին։ «Արմէնփրէս»ի Հալէպի աղբիւրները կը նշեն թէ մի քանի հայեր դեռ առեւանգուած կը շարունակեն մնալ զինուած խմբաւորումներու կողմէ։

Արդէն պաշտօնապէս հաստատուած է այլ տխուր եղելութիւն մը, թէ զինուած ՏԱՀԵՇ խմբաւորման անդամներ սպաննած են հայր ու որդի Լեւոնեանները, որոնք առեւանգուած էին մօտ 4 ամիս առաջ, Հալէպէն 20 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Աֆֆէ շրջանի իրենց աշխատանքի
վայրէն։