Հռոմի պապ Ֆրանչիսքոսը Յունուար 13-ին հանդիպած է Վատիկանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներու հետ:
Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:
Դիւանագէտներու հետ տարեսկիզբի աւանդական հանդիպման ժամանակ՝ Սուրբ Աթոռի մէջ ՀՀ դեսպան Միքայէլ Մինասեանը կարճատեւ զրոյց մը ունեցած է Հռոմի Պապ Ֆրանչիսքոսի հետ:
Զրոյցի ընթացքին Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդը իր ջերմ ողջոյնները փոխանցած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ իր օրհնանքը հայ ժողովուրդին: