Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ցմահ բանտարկուած ղեկավար Ապտուլլահ Օճալան յարգած է թրքահայ լրագրող Հրանդ Տինքի յիշատակը, որ եօթը տարի առաջ ծայրայեղ ազգայնամոլներու դաւադրութեան զոհ գացած էր:
«Կը յարգեմ հայ ժողովուրդի թանկագին զաւակին, մեր եղբօր՝ Հրանդի յիշատակը եւ պայքարը», ըսած է Օճալան՝ ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին:
Օճալանի այս պատգամը հանրութեան փոխանցուած է Յունուար 11ին անոր բանտը այցելած խորհրդարանական երկու խմբակներու ղեկավարներուն կողմէ: «Կը յուսամ հայերուն դիմել համապարփակ նամակով մը, որ պատրաստ պիտի ըլլայ Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցին», աւելցուցած է Օճալան:
Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինք թրքական ազգայնամոլ շրջանակներու կողմէ դաւադրաբար սպաննուած էր 2007ի Յունուար 19ին: Սպանութիւնը իրագործած Օկիւն Սամասթը դատապարտուած է 22.5 տարուան բանտարկութեան: Մնացեալ 19 մեղադրեալներէն 13ը դատարանին կողմէ ազատ արձակուած էին՝ այն պնդումով, որ անոնք մաս չէին կազմեր զինուած ահաբեկչական կազմակերպութեան մը, սակայն այդ վճիռը ա- ւելի ուշ բեկանուեցաւ ու նոր դատավարութիւն սկսաւ: