Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հ.Մ.Ը.Մ. համաձայնագիր մը ստորագրեց «Կուկըլ»ի հետ, 
որպէս առաջին ոչ-հասութաբեր հայկական միութիւն

«Կուկըլի շնորհիւ, գործենք աւելի խելացի մօտեցումով եւ ոչ աւելի ժամանակ տրամադրելով» Հ.Մ.Ը.Մ. համաձայնագիր մը ստորագրեց «Կուկըլ»ի հետ, որպէս առաջին հայկական ոչ-հասութաբեր միութիւն, օգտուելու «Կուկըլ»ի տրամադրած արհեստագիտական դիւրութիւններէն։

Սոյն համաձայնագիրով, Հ.Մ.Ը.Մ.ին պիտի տրամադրուի յատուկ դիւրութիւններ առաւել եւս զարգացնելու արհեստագիտական կարելիութիւնները։ «Կուկըլ»ը Հ.Մ.Ը.Մ.ին պիտի տրամադրէ եռամսեայ համացանցային մարզումի ծրագիր մը, աշխատանքի յաջողութեան համար։ Ծրագիրը պիտի սկսի 7 Յունուար 2014ին եւ համացանցային մարզումի շըրջանը պիտի աւարտի 3 ամիս ետք։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանները պիտի ըլլան այս ծրագիրի առաջին օգտագործողները։
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Մ.Ը.Մ.) ունի աւելի քան 25,000 անդամներ, տարածուած 5 ցամաքամասերու մէջ։ Հ.Մ.Ը.Մ. ունի 104 մասնաճիւղեր, որուն 18 մասնաճիւղերը կը գտնուին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ, 6800 անդամական թիւով, իսկ 10 մասնաճիւղեր կը գտնուին Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու մէջ, 2000 անդամական թիւով։
«Որպէս համաշխարհային կառոյց, անհրաժեշտ է որ օժանդակենք տարբեր երկիրներ եւ մասնաճիւղեր գտնուող մեր միութենականներուն եւ պաշտօնէութեան, որպէսզի նոր կարելիութիւններով հաղորդակցին ի- րարու հետ եւ հետապնդեն ծրագիրներու իրագործման մանրամասնութիւններն ու ընթացքը։ Կուկըլի շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ իրագործել այս բոլորը», հաստատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան։ Ան նշեց որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներքին անդամական տուեալներու ծրագիրը («տաթապէյս») պիտի չազդուի այս ծրագիրէն, որովհետեւ Կուկըլ կարելիութիւնը չունի որեւէ ձեւով ստուգելու կամ փոփոխութիւններ ներմուծելու հոն։ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու անձնական տուեալները պիտի չփոխանցուին Կուկըլին, հաստատեց եղբ. Մկրտիչեան։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական 10րդ Ընդհանուր Ժողովը (Սեպտեմբեր 2011ին) որդեգրեց Ռազմավարական Ծրագրաւորումի գործընթացի իրականացման քայլերը։ Ռազմավարական Ծրագրաւորումի զանազան մարտահրաւէրներու ծիրին մէջ է նաեւ արհեստագիտական նորութիւննե- րու հետապնդումը, օժանդակելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի զանազան աշխատանքներուն։ Կուկըլը Հ.Մ.Ը.Մ.ին պիտի տրամադրէ նոր արհեստագիտական աշխատանքային կարելիութիւններ եւ դիւրութիւններ, նշուած նպատակներու իրագործման համար։
«Ներքին աշխատանքներու դիւրութեան կողքին, Կուկըլի ընծայած կարելիութիւններով կարելի պիտի ըլլայ մեր անդամները աւելի իրազեկ դար-ձընելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի կայքէջին ու զիրենք մղելու, որպէսզի իրենց ներդրումը ունենան անոր յաջողութեան մէջ։ Նաեւ կարելի պիտի ըլլայ յատուկ ծրագիրով (Analytics) հետապնդել եւ ստուգել ընկերային ցանցերու ազդեցութիւնը», նշեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Ռազմավարական Ծրագրաւորումի ներկայա- ցուցիչ եղբ. Վիգէն Դաւթեան։
Ներկայիս 5 միլիոն առեւտրական հաստատութիւններ տարեկան դրութեամբ կը վճարեն 50 ամ. տոլար իւրաքանչիւր Կուկըլի ծրագիրի գործածողի համար, օժանդակելու իրենց հաստատութեան աշխատանքներուն։ Կուկըլը ոչ միայն ձրիաբար այս կարելիութիւնները տրամադրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ին, այլ նաեւ երեք միութենականներ պիտի բոլորեն անվճար ուսուցողական եռամսեայ դասընթացք մը, շաբաթական 8 ժամուայ դրութեամբ, 12 շաբաթներու վրայ երկարող։ «Կուկըլ պիտի հետեւի եւ պիտի մարզէ զանազան մասնաճիւղերէ 100 Հ.Մ.Ը.Մ.ական անդամներ եւ պաշտօնեաներ գործածելու իր համացանցային ծրագիրները, ինչպէս նաեւ յատուկ ուսուցողական լուրջ ու կարեւոր դասընթացք մը պիտի տրամադրէ 3 Հ.Մ.Ը.Մ.ական համացանցային պատասխանատուներու, որոնց պիտի փոխանցուի Կուկըլի զանազան ծրագիրներու (ինչպէս AdWords, Analytics, You Tube, եւ այլն) մասնագիտական գործածութեան մանրամասնութիւնները», փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արհեստագիտական Տե¬ ղեկատուութեանց Յանձնախումբի ատենապետ եղբ. Վիգէն Աբէլեան։
«Սոյն համաձայնութիւնը դրական փոփոխութիւններ պիտի յառաջացնէ եւ բանալին պիտի ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կամաւոր աշխատանքային ձեւը զարգացնելու դէպի համաշխարհային մասնագիտացած ձեւի», հաստատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ռազմավարական Ծրագրաւորումի Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ եղբ. Արմէն Աբրահամեան։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդր. Վարչութեան անդամ եւ Ծրագրաւորումի ներկայացուցիչ եղբ. Վիգէն Դաւթեանին կամ This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it. ե-նամակի հասցէին։