Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Եռաչափ ձեւաւորումով զբաղող «Լոկատոր» ընկերութիւնը եռաչափ ձեւաւորած (3D) եւ Google Earth համակարգին մէջ ներբեռնած է Ստեփանակերտ եւ Շուշի քաղաքները՝ հնարաւորութիւն ընձեռելով իրական (virtual) ձեւով ճանապարհորդութիւն իրականացել Արցախի պատմական քաղաքներով, կը հաղորդէ civilnet.am-ը՝ վկայակոչլով «Լոկատոր» ընկերութեան տարածած հաղորդագրութիւնը:

«Նախագիծը հնարաւորութիւն կու տայ ոչ միայն սփիւռքահայերուն եւ օտարերկրացիներուն Արցախ այցելել, այլեւ մեր հայրենակիցներուն, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով դեռ չեն եղած ԼՂՀ: Բացի այդ, ներկայիս virtual դաշտի մէջ մեր հարեւանները Արցախի այլ կերպար կը ներկայացնեն: Ասիկա է նաեւ պատճառը, որ շատ կարեւոր կը համարենք մեր երկրի իւրաքանչիւր հողակտորի ճիշդ եւ պատկերաւոր ներկայացուած ըլլալը համացանցին մէջ»,- կը նշէ «Լոկատոր» ընկերութեան առեւտուրի տնօրէն Վլատիմիր Սոֆեանը:
Ներկայիս «Կուկըլ Մոլորակ» համակարգին մէջ արդէն տեղադրուած են Ստեփանակերտի եւ Շուշիի հիմնական շէնքերը, արձանները եւ կանաչ գօտիները: Որեւէ եռաչափ ձեւի վրայ սեղմելով՝ տեսական ճանապարհորդը կրնայ կարդալ շէնքի վերաբերեալ տեղեկատուութիւն եւ կը տեսնէ շէնքի գտնուելու վայրին ճիշդ անուանումը՝ Ստեփանակերտ անուամբ քաղաքին մէջ:
Ընկերութիւնը կը նախատեսէ եռաչափ ձեւաւորել եւ համացանցին մէջ տեղակայել նաեւ Արցախի մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը՝  պատմամշակութային կոթողները, վանքերն ու եկեղեցիները,  արձանները եւ այլն: Այժմ «Լոկատոր»-ը իրականացուցած է Գանձասարի եւ Ղազանչեցոց եկեղեցիներու 360 համատեսական (panoramic) լուսանըկարները: