Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Երկար նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ աննախընթաց բանաստեղծական երեկոյ մը, կազմակերպութեամբ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմական Խորհուրդի եւ «Համազգային»ի, հովանաւորութեամբ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեճեանի եւ նախագահութեամբ Տ. Նորվան Արք. Զաքարեանի։

Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր եկեղեցւոյ «Նուրհան Ֆրէնկեան» սրահը բերնէ բերան լեցուն էր հայ բանաստեղծութեան ծարաւ գրասէրներով, որոնք նախօրօք ապահոված էին իրենց տեղերը։ Բացումը կատարեց Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Փաթրիս Ճօլօլեան, ֆրանսերէն լեզուով, որմէ ետք «Համազգային»ի ներկայացուցիչ Հերա Թոսունեան հայերէն լեզուով իր բացման խօսքը արտասանեց։
Երեկոյթը ձեռնհասօրէն կը վարէին Արա Գրիգորեան եւ Ռընէ Ծակոյեան։
Առաջին արտայայտուողը եղաւ Նորվան Սրբազանը, որ ներկայայցուց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի կենսագրականը եւ կարդաց հանճարեղ բանաստեղծի «Մատեան Ողբերգութեան» կոթողական գործէն գլուխ մը։ Ապա յաջորդաբար բեմ ելան եւ ասմունքեցին Մարինէ Յովհաննիսեան-Գաբրիէլեան, Ռոզին Թաշճեան-Ադամեան, Արտաշէս Ոսկանեան, Կարօ Թորոսեան, Հրայր Հրաչեան, Գրիշա Աւետիսեան, Մանուկ Ադամեան եւ Արա Գրիգորեան, որոնք ներկաներուն հրամցուցին Պարոյր Սեւակի, Պետրոս Դուրեանի, Եղիշէ Չարենցի, Դանիէլ Վարուժանի, Միսաք Մեծարենցի, Աւետիք Իսահակեանի, Սիամանթոյի, Վահան Տէրեանի, Ռուբէն Սեւակի, Վահան Թէքէեանի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Նահապետ Քուչակի, Յովհաննէս Շիրազի, Գէորգ Էմինի, Գուրգէն Շահնազի եւ Համօ Սահեանի բանաստեղծութիւններէն ծաղկաքաղ մը։
Ներկաները որոտընդոստ ծափահարութիւններով կ'արտայայտէին իրենց խանդավառութիւնը։ Բոլորն ալ նոյն կարծիքը կը յայտնէին, որ ձեռնարկը աննախընթաց էր, գաղութը պէտք ունէր այսպիսի գրական մթնոլորտի ստեղծման, եւ բնաւ ալ ժամանակավրէպ խենթութիւն չէր ներկայ դարուն Փարիզի մէջ այսպիսի երեկոյ մը կազմակերպելը։
Երեկոն նոյն խանդավառութեամբ շարունակուեցաւ երկրորդ բաժինով, արտասանութեանց պաշտօնական աւարտէն ետք։ Կազմակերպիչները նաեւ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթրիք մը նախատեսած էին։