2014ի առաջին օրը տխուր լուր մը հասաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտայէն, հաղորդելով նախկին յունահայ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի երկար տարիներու նուիրեալ՝ եղբ. Վահրամ Դանիէլեանի մահուան գոյժը:
Եղբայր Վահրամ Դանիէլեան արժանի զաւակը ըլլալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի այլ նուիրեալի մը՝ Դանիէլ Դանիէլեանի, ինք եւս սիրեց մարզական մեր միութիւնը եւ սիրտ ու հոգի տուաւ՝ միութեան աշխատանքները յառաջ տանելու նպատակով: Ան տարբեր դիրքերէ երկար տարիներ ծառայեց Հ.Մ.Ը.Մին, որպէս անդամ, վարչական, մարզիկ, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ: Հաւատաւոր կուսակցականի իր բծախնդրութեամբ ան ներկայ եղաւ հոն ուր անհրաժեշտ կը դառնար իր ներկայութիւնը։ Եւ այս ծառայութիւնը տեւեց երկար տարիներ, միշտ ժպիտով եւ բարեհամբոյր տրամադրութեամբ։
Եղբայր Վահրամ Դանիէլեան Աթէնք այցելած էր մի քանի տարի առաջ, երբ հայրենիքէն կը վերադառնար, մասնակցած ըլլալով համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 8-րդ մարզախաղերու կազմակերպման, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կÿունենային հայրենիքի մէջ, միութեան Պատգամաւորական Ժողովի որոշումով:
500է աւելի մասնակիցներու ներկայութիւնը հայաշխարհի տարբեր գաղութներէն գոհացուցիչ պատկեր մըն էր, որ գոհունակութեամբ կը լեցնէր իր սիրտը եւ հպարտութեամբ կը պատմէր, թէ իսկապէս աննախընթաց պէտք էր նկատել խաղերու բացման հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան հրապարակին շուրջ, 35.000-40.000 հայրենակիցներու ներկայութեամբ, երկրի քաղաքական, մշակութային եւ մարզական ներկայացուցիչներու ու արուեստագէտներու մասնակցութեամբ: Այնքան խորհրդանշական պահ մը Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ հայ երիտասարդ սերունդին համար, որ երջանկութեան զգացումներով կը փոթորկէր իր հոգին։
Եղբայր Վահրամ մեծապէս հետաքրքրուած էր հայ երիտասարդ սերունդի ազգային դաստիարակութեամբ, գիտակցելով որ մարզական թէ սկաուտական շարժումներու ստեղծումը խոր հիմք կուտայ համայն սփիւռքի մէջ հայութեան համախմբուածութեան: Ան համոզուած էր թէ հայրենիքի հետ կապը, որ տարիներուն ընթացքին կը հզօրանար, ներշնչման աղբիւր պիտի հանդիսանայ հայ ազգի երիտասարդ սերունդներուն մօտ եւ այդ իմաստով ան կը շեշտէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմակերպչական աշխատանքի կարեւորութիւնը, որպէսզի նոր սերունդներուն մօտ պահպանուին հայութեան արժէքները, ազգա- յին առողջ դաստիարակութեամբ:
Եղբ. Վահրամը երբեք չկորսնցուց իր հետաքրքրութիւնը Յունահայ գաղութին հանդէպ: Ան հեռաւոր Ամերիկայի մէջ ապրելով հանդերձ, առօրեայ դրութեամբ կը ստանար «Ազատ Օր»ը, ուրկէ տեղեակ կը պահուէր մեր գաղութի անցուդարձերու եւ հոգերու ու տագնապներու ինչպէս նաեւ յաջողութիւններու մասին: Յատկապէս կը հետեւէր Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական կեանքին, ուրախանալով ու տագնապելով խումբերու եւ մարզիկներու ձեռքբերած արդիւնքներով:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 11ին, Ֆլորիտայի հայկական եկեղեցւոյ մէջ։
Հ.