ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու պալատի նորեկ անդամներ, Քալիֆորնիայի նահանգը ներկայացնող հանրապետական Ճէֆ Դենհամն ու Գոլորատօ նահանգը ներկայացնող իր համակուսակից Քորի Գարդները, միանալով Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի հեղինակ, Իլինոյս նահանգը ներկայացնող հանրապետական Ռոպերթ Դոլդին, կոչ ուղղեցին իրենց գործընկերներուն միանալ մարդու իրաւունքներու ոլորտի այս հիմնական օրինագիծին:
Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի հաղորդագրութեան համաձայն, որպէս ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ առաջին անգամ ընտրուած գոնկրէսականներուն ուղղուած իրենց ուղերձով գոնկրէսականներ Դոլդը, Դենհամը եւ Գարդները, մասնաւորապէս, նշեցին. «Մենք, որպէս ԱՄՆ-ի գոնկրէսի 112-րդ նստաշրջանի անդամներ, ընտրուած ենք ոչ միայն երկրին մէջ իրավիճակը բարելաւելու, այլեւ «սթաթուս քվօ»-ն փոխելու համար»։
«Ամօթալի երեւոյթ է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը մինչեւ այժմ պաշտօնապէս չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը», - կը գրեն գոնկրէսականները: - «Ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պաշտօնապէս միանայ իր ընտրողներու եւ աշխարհի մէջ սփռուած մարդոց ձայներուն եւ հանդէս գայ Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակական մերժման ընդդէմ», - նշուած է ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամներուն գոնկրէսականներ Դոլդի, Դենհամի եւ Գարդների ուղերձին մէջ:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին թիւ 304 բանաձեւը ներկայիս կը սատարէ ԱՄՆ-ի աւելի քան 80 գոնկրէսական:
Հայ Դատի Տարուան Անձնաւորութիւնը՝
Քոնկրեսական Էտ Ռոյս
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, 2011ի «Տարուան անձնաւորութիւնը» մրցանակը պիտի շնորհէ իր հայանպաստ քաղաքական գործունէութեամբ ծանօթ հանրապետական քոնկրեսական Էտ Ռոյսին: Էտ Ռոյս 1993էն ի վեր նեցուկ կանգնած է հայանպաստ բանաձեւներու: