Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիս կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս՝ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մասնակցած է Երեւանի պուրակի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Այս մասին կը յայտնեն քաղաքապետարանի հասարակայնութեան հետ կապերու եւ լրատւութեան վարչութենէն:
Թիֆլիսի հայկական Հաւլաբար թաղամասի երեւանեան պուրակի յուշատախտակի հանդիսաւոր բացման պատիւը վերապահուած է երկու մայրաքաղաքներու քաղաքապետերուն: Երեւանի պուրակի ստեղծման նախաձեռնութիւնը եւ իրականացումը կը պատկանի Թիֆլիսի քաղաքապետարանին:
Ներկաներուն ուղղուած ողջոյնի իր խօսքին մէջ Թիֆլիսի քաղաքապետ Գէորգի Ուկուլաւան նշած է, որ հայկական աւանդոյթներով հարուստ թաղամասին՝ Հաւլաբարի մէջ, այսուհետեւ իր ուրոյն տեղը պիտի ունենայ նաեւ Երեւանի պուրակը: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Թիֆլիսի քաղաքային իշխանութիւնը իրականութեան մէջ մեծ սիրով կեանքի կոչած է Երեւանի պուրակ ստեղծելու ծրագիրը, յատկապէս հաշուի առնելով, որ ասիկա եւս մէկ հիմնաքար պիտի աւելցնէ երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան: