Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հիւսիսային Իրաքի ինքնավար Քիւրտիստանի կառավարութեան նահատակներուն եւ «Էնֆալ»ի հարցերով պատրաստութիւն կը տեսնուի, որպէսզի «Էնֆալի գործողութիւն» անունով ծանօթ սպանդին ընթացքին սպաննուածներու մերձաւորներուն համար 388 միլիառ տոլարի

հատուցում պահանջուի Իրաքի կեդրոնական կառավարութենէն։
Նման քայլ մը վստահաբար Պաղտատի ու Հիւսիսային Իրաքի Քիւրտիստանի մայրաքաղաք Էրպիլի միջեւ յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի պիտի լարէ։
«Էնֆալի գործողութիւն» կոչուած են 1986-1989 թուականներուն Իրաքի նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի կարգադրութեամբ գործուած յարձակումները, որոնց հետեւանքով մօտաւորապէս 150.000 հոգի սպաննուած է։ Այս գործողութիւններուն ընթացքին գործածուած էին քիմիական նիւթեր: