Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող Տողու Փերինչէքի գործով Եւրոպական ատեանի վճիռի կայացման լոյսին տակ՝ ՖՐԱՆՍԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ
Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդի՝ CCAF-ի Հարաւային Ֆրանսայի գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը կը
տեղեկացնէ, թէ 2014 Յունուար 25, ժամը 11ին Պուշ-տիւ-Ռոնի նահանգապետարանին առջեւ ցոյց մը կը կազմակերպէ «Շատը՝ շատ է» նշանաբանով, բողոքելու համար
- Փէրինչէքի ի նպաստ վճիռին,
- Յունուար 27ին եւ 28ին, նախագահ Հոլանտի Թուրքիա այցելութեան,
- Ընտրական խոստումներու դրժումին դէմ:
Հաղորդագրութեան մէջ կþըսուի նաեւ թէ համազգային մեծ ցոյց մըն ալ պիտի կազմակերպուի Փարիզ, Յունուար 26ին: