Կարսի թանգարանի տնօրէն Նեճմետտին Ալփ յայտարարած է, թէ այս տարուան առաջին 10 ամիսներուն ընթացքին Անիի աւերակները այցելած է 23,730 հոգի՝ աւելցնելով, թէ Անին «յատուկ տեղ ունի Կարսի զբօսաշրջութեան մարզին մէջ»: Այս տարուան այցելուներուն տուեալը, ըստ Ալփին՝ 10 տոկոսի բարելաւում մըն է նախորդ տարուան տուեալին բաղդատմամբ:
Հայաստան-Թուրքիա ներկայ սահմանին մօտերը գտնուող Անիի աւերակները միջազգային զբօսաշրջութեան առջեւ բացուած է 1965ին եւ այդ թուականէն ետք հետախուզական միջազգային աշխատանքներ եւս սկսած են կատար-ւելու՝ տասնամեակներու դադարէ ետք: