Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, ամէն տարի 25 Դեկտեմբերին բոլոր հայ եկեղեցիներուն մէջ Ս. Ստեփանոս նախավկայ սարկաւագի տօնը մեծ շուքով կը նշուի:

Առ այդ,  Կիրակի,  21 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագ   մատուցուեցաւ: Պատարագիչն էր դրան եպիսկոպոս եւ միջեկեղեցական բաժանմունքի տեսուչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան:  Սուրբ եւ անմահ պատարագին  սպասարկեցին դպրեվանքի  սարկաւագները: Քարոզի  ընթացքին սարկաւագները սուրբ խորանին վրայ շարուած, լսեցին սրբազան հօր պատգամը, որ իր հայրական թելադրութիւնները տալով անոնց, ըսաւ. «Ս. Ստեփանոսի տօնը սարկաւագութեան տօնն է: Եւ սարկաւագութիւնը, սիրելի՛ սարկաւագներ, ձեր դիմաց կը բանայ մեր եկեղեցւոյ ծառայական կեանքը: Այս ծառայական կեանքին մէջ յաջողիլ կարենալու համար, նայեցէ՛ք ձեր տիպարին՝  Ս. Ստեփանոսին եւ անոր ուղիով ընթացէք»:
Սուրբ եւ անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը դպրեվանքի սարակաւագ-կիսասարկաւագներու կազմակերպութեամբ: Յակոբ սրկ. Գարտանաքեան, յանուն դպրեվանքի սարկաւագաց դասին, ուղերձ կարդաց: Ապա, Մովսէս  կիս. սրկ. Խաչատուրեան Աւետարանէն հատուած մը կարդաց, իսկ Յարութիւն սրկ. Բանճարճեան՝  «Նարեկ» աղօթամատեանէն հատուած մը, որմէ ետք դպրեվանքի Դ. Ընծայարանի աւարտական դասարանի սարկաւագներէն՝  Յովհաննէս սրկ. Թեփիրճեան դասախօսութիւն մը տուաւ՝  յատուկ կերպով անդրադառնալով սարկաւագութեան կարեւորութեան եւ այսօրուան մեր կեանքին մէջ ունեցած անհրաժեշտութեան:
Դասախօսութենէն ետք Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց դպրեվանքի սարկաւագներուն ու կիսասարկաւագներուն: Վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով խօսեցաւ Ս. Ստեփանոսի անձի յատկանիշներուն՝ առաքինութեան, սրբութեան, հաւատարմութեան, նախանձախնդրութեան, վստահութեան եւ անսակարկ ու նուիրական ծառայութեան ոգիին մասին: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձաւ ամբողջական նուիրումով ու կատարեալ գիտակցումով կատարուած ծառայութեան մասին, որ հայ հոգեւորականին ու ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան կեանքին առանցքը կը կազմէ: Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Մենք ծառայութիւնը սովորական իմաստով պէտք չէ ըմբռնենք: Քրիստոս ծառայեց ո՛չ թէ խօսելով, այլ՝  Քրիստոս ծառայեց Աստուծոյ խօսքը տարածելով: Ծառայեց հրաշագործելով: Քրիստոս ծառայեց ինքզինք  նոյնացնելով աղքատին հետ, զրկեալին հետ: Քրիստոս ծառայեց մարդոց ցոյց տալով փրկութեան ճամբան: Քրիստոս ծառայեց նոյնիսկ Իր արիւնը թափելով: Ծառայութիւնը, ըսի ու կը կրկնեմ,  Քրիստոսի ներկայութիւնն է մեր կեանքին մէջ: Ճշմարիտ ծառայութիւնը մարդը հեռու կը պահէ ամէն տեսակ փառքէ,  նիւթէ, շահէ եւ հաճոյքէ: Ա՛յս է ճշմարիտ ծառայութիւնը, այլապէս ծառայութիւնը կեղծ է»:
Սարկաւագներուն ուղղելով խօսքը՝  վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Սիրելի՛ սարկաւագներ, դուք դպրեվանքին մէջ կը պատրաստուիք, ուսում ու գիտութիւն կը ստանաք, ո՛չ թէ պարզապէս զարգանալու համար, այլ այդ բոլորը գիտակից ու նուիրեալ ծառայութեան ճամբով տանելու համար մեր ժողովուրդին: Մեր ժողովուրդը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կը նայի այս յոյսով ու սպասումով: Դպրեվանքին մէջ, այս աթոռին մէջ, մարդիկ կը պատրաստուին է՛ապէս իբրեւ ծառաներ՝  ծառայելու Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ ու մեր սիրելի ժողովուրդին»: