Դիմողներու 41%ը Քանատա եւ Ամերիկա կը նախընտրէ մեկնիլ, իսկ մնացեալ մասը՝ Շենգենեան տարածքի երկիրներ, ինչպէս նաեւ Թուրքիա
«Ատրպէյճանի գաղթականներու կեդրոն» հասարակական միութեան ղեկավար Ալովսաթ Ալիեւը «Գաղթականներու
միջազգային Օր»ուայ առընչութեամբ, յայտարարած է թէ վերջին շրջանին Ատըրպէյճանէն հեռանալ փափաքող քաղաքացիներու թիւը կտրուկ աճ արձանագրած է:
Այս մասին ան խօսած է Աշխատանքի եւ բնակչութեան ընկերային պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Մարդու իրաւունքներու աշխատակազմի հետ, ու տեղեակ պահած է նաեւ ՄԱԿի ատրպէյճանական գրասենեակը: Հարցը արծարծուած է նաեւ մամլոյ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կայացած կլոր սեղանի զրոյցի մը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս» վկայակոչելով axar.az լրատու կայքէջը, Ալիեւ ըսած է որ 2013 թուականը դժուար տարի մըն էր Ատրպէյճանի համար: «Վերջին շրջանէն երկրէն հեռանալ փափաքողներու թիւը աւելցած է: Հետզհետէ աւելի շատ քաղաքացիներ դիմում կը կատարեն արտասահմանեան երկիրներ, հոն գաղթելու եւ հաստատուելու նպատակով: Դիմողներու մեծամասնութիւնը օտար լեզուներու կը տիրապետէ, եւ նաֆթի եւ այլ մասնագիտացած բնագաւառներու մէջ հմուտ երիտասարդութիւնն է: Դիմողներու 41%ը Քանատա եւ Ամերիկա կը նախընտրէ մեկնիլ, իսկ մնացեալ մասը՝ Շենգենեան տարածքի երկիրներ, ինչպէս նաեւ Թուրքիա», ըսած է փորձագէտը: