Երեքշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2013-ին, զինեալ ընդիմադիրներ առաւօտեան ժամերէն մինչեւ կէսօրէ ետք տասնեակ մը հրասանդ նետեցին Հալէպ քաղաքի կեդրոնը՝ Ալ-Մունշիէ, Ապպարա եւ Պուսթան Գըլափ շրջանները: Հրասանդի պայթումներուն պատճառով զոհուեցան 5 քաղաքացիներ եւ վիրաւորուեցան աւելի քան 70 հոգիներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Բերիոյ նիւզ»-ը:
Զոհուողներու կարգին էր նաեւ 62 տարեկան հայ ազգի զաւակ Նազարէթ Տրէժեանը: Նազարէթը, զոհուեցաւ կէսօրէ ետք գործատեղիէն տուն վերադարձի ընթացքին:
Նշենք, որ Նազարէթ Տրէժեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2013-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին Հալէպի Հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: