Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Հինգշաբթի 19 Դեկտեմբեր 2013 առաւօտ, Վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Գարակէօզեան  հիմնարկութեան տնօրէն՝ տիար Սերոբ Օհանեանը:  Տնօրէնը լայն տեղեկութիւններ տուաւ Վեհափառ հայրապետին  հիմնարկութեան ներկայ գործունէութեան մասին, յատկապէս շեշտելով սուրիահայ ընտանիքներու գծով կատարուած ծառայութիւնը:
Տնօրէնին տուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանան հաստատուած 1350 սուրիահայ ընտանիքներ արձանագրուած են իրենց մօտ եւ Գարակէօզեան Հիմարկութիւնը կը փորձէ զանազան ձեւերով օգտակար հանդիսանալ անոնց: Նորին Սրբութիւնը լսելէ ետք տրուած զեկոյցը, իր գնահատանքը յայտնեց Գարակէօզեան Հիմնարկութեան ու նաեւ այն բոլոր բարեսիրական կառոյցներուն, որոնք իրենց կարելին կը կատարեն օժանդակելու սուրիահայ մեր զաւակներուն:
«Սուրիոյ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն օժանդակութիւնը պէտք է մեր ազգին համար դառնայ առաջնահերթութիւն՝ ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ մեր բոլոր գաղութներուն մէջ: Վերջին երկու տարիներու ընթացքին հսկայ դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուի սուրիահայութիւնը. հետեւաբար, վերանորոգ  թափով պէտք է շարունակել մեր օժանդակութիւնը սուրիահայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն» շեշտեց Վեհափառ հայրապետը: