Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Ֆարս» գործակալութիւնը նշելով, որ կողմերը քննարկած են տարածաշրջանային եւ միջազգային վերջին զարգացումները, հաղորդած է թէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Հայաստանի եւ Իրանի յարաբերութիւնները բնութագրած է որպէս բարեկամական:

«Իրանի նոր ղեկավարութիւնը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ դրացիներուն հետ յարաբերութիւններու ընդլայնման, մենք յոյս ունինք, որ համագործակցութիւնը աւելի աշխուժանայ», յայտնած է ան։ Ըստ նախարարին, Հայաստանն ու Իրանը առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը զարգացնելու մեծ ներուժ ունին, եւ պաշտօնատար անձերու փոխադարձ պարբերական այցելութիւնները կրնան արդիւնաւէտ դեր խաղալ երկկողմանի յարաբերութիւններու ծիրին ընդարձակման առումով:


Թեհրանի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ նախարար Շաւարշ Քոչարեան հանդիպում ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆի հետ:
Վկայակոչելով իրանական «Փրես Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին կայքէջը՝ «Արմենփրես» հաղորդեց, որ ըստ Իրանի արտաքին գործոց նախարարին, Իրան մեծ կարեւորութիւն կու տայ դրացի երկիրներու եւ յատկապէս Հայաստանի հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդլայնումին: Ան  բարձր գնահատեց Հայաստանի եւ Իրանի երկարամեայ եւ բարեկամական յարաբերութիւնները: Իրանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց, որ Իրան պատրաստակամ է աւելի եւս ամրապնդելու այդ յարաբերութիւնները՝  նշելով, որ  Իրան-Հայաստան տնտեսական եւ առեւտրական համագործակցութիւնը ամուր հիմքեր ունի: Ան նաեւ աւելցուց, որ Թեհրան եւ Երեւան պէտք է շարունակեն իրենց բանակցութիւնները եւ համագործակցութիւնը շրջանային եւ միջազգային խնդիրներուն մէջ:
Շաւարշ Քոչարեան իր կարգին յոյս յայտնեց, որ երկու երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու փոխադարձ այցելութիւնները ճամբայ հարթեն աւելի ամրապնդելու եւ զարգացնելու Թեհրան-Երեւան յարաբերութիւնները բոլոր մարզերուն մէջ: Ան վերահաստատեց Հայաստանի աջակցութիւնը 24 Նոյեմբերին Ժընեւի մէջ Թեհրանի եւ վեց մեծ պետութիւններու՝ Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ, Ռուսիոյ, Չինաստանի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ միջեւ կնքուած համաձայնագիրին:
Քոչարեան ունեցաւ նաեւ այլ հանդիպումներ:

ԻՐԱՆ՝ ԱՊԱԳԱՅ «ԷԼՏՈՐԱՏՕ»Ն

Միջազգային եւ յատկապէս ֆրանսական մամուլը վերջերս կÿանդադառնայ Թեհրանի եւ արեւմտեան մեծ պետութիւններու միջեւ  վեցամսեայ համաձայնագիրի ստորագրութեան՝ իրանեան հիւլէական ծրագրին վերաբերեալ, ինչ որ կրնայ երկար ժամանակաշրջանի վրայ թոյլատրել առեւտրական փոխանակումներ՝ ո՛չ միայն ուժանիւթի, այլեւ զանազան մարզերու մէջ։
«Իրան իր 79 միլիոն սպառող բնակչութեամբ տարիներէ ի վեր եւրոպական եւ ամերիկեան պատժամիջոցներու ենթարկուած է», կը գրեն թերթերը, նշելով թէ Իրան ունի աշխարհի կազի առաջին պահեստը եւ կը հանդիսանայ երկրորդը՝ քարիւղի հորերու պաշարներու առումով: