Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Երէկ գիշեր, Չորեքշաբթի 4 Դեկտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին եւ Անտիոքի յոյն ուղղափառ՝ Յովհաննէս Եազճի պատրիարքին միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, Պալամանտ վանքին մէջ։

Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպումի ընթացքին, քննարկուեցան ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Անտիոքի յոյն ուղղափառ պատրիարքութեան միջեւ առնչուած հարցերու եւ ծրագիրներու մասին։ Անդրադարձ եղաւ նաեւ Միջին Արեւելքէն ներս տիրող կացութեան մասին եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ կացութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներու։ Այս ծիրէն ներս, յատուկ ուշադրութեամբ անդրադարձ եղաւ յոյն եւ ասորի երկու առաջնորդներու ու վերջերս Մաալուլա շրջանէն 12 մայրապետներու արեւանգման խնդիրներու մասին։ Խօսակցութեան ընթացքին նաեւ ակնարկ եղաւ Ժընեւ 2 Խորհրդաժողովի եւ քրիստոնեայ համայնքներու ունեցած դերին մասին, Սուրիոյ խաղաղութեան եւ վերականգնումի աշխատանքներուն կապակցութեամբ։

Հանդիպումի աւարտին, թէ՛ Վեհափառ հայրապետը եւ թէ ալ Եազճի պատրիարքը շեշտեցին մնայուն հաղորդակցութեան մէջ ըլլալու եւ իրենց միջեւ եղող գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը, թէ՛ անձնական եւ թէ ալ համայնքային մակարդակներու վրայ, դիմագրաւելու համար շրջանէն ներս եղող խնդիրները։