Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Կիրակի, 1 Դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյին՝ գլխաւորութեամբ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին:

Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ու յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին առնչուած ծրագիրներ եւ աշխատանքներ: