Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Մեծն Բրիտանիոյ մէջ հրապարակուած տուեալներուն համաձայն՝ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի մօտ երեք տարիներու ընթացքին զոհուած են 11 հազարէն աւելի երեխաներ:

Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը, Լոնտոնի մէջ գործող Օքսֆորտեան հետազօտական խումբի տուեալներու հիմամբ:

Երեխաներու մեծ մասի մահուան պատճառ դարձած են տարբեր բնակավայրերու ռմբակոծութիւնները եւ հրթիռակոծութիւնները, սակայն հարիւրաւոր դեռահասներ դիպուկահար կրակոցներու զոհ դարձած են, հարիւրաւոր երեխաներու նկատմամբ ալ կիրառուած են նոյնիսկ խմբակային մահապատիժներ եւ կտտանքներ:

Սուրիական հակամարտութեան ընթացքին զոհուածներու ընդհանուր թիւը արդէն կը գերազանցէ 100 հազարը:

Հայկական Կարմիր Խաչի 270.000 Եւրոյի Առանձնայատուկ Ծրագիրը՝
Սուրիահայ 300 Ընտանիքի

Հայկական Կարմիր խաչ ընկերութիւնը՝ աւստրիական կառավարութեան տրամադրած միջոցներով, մեծ օգնութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am:

Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութեան նախագահ Մխիթար Մնացականեան յայտնած է, որ 2013 Դեկտեմբերէն մինչեւ 2014 Մայիս Հայկական Կարմիր խաչը աւստրիական կառավարութեան օժանդակութեամբ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան միջոցով շուրջ 270.000 եւրօ օգնութիւն պիտի յատկացնէ Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած շուրջ 300 սուրիահայ ընտանիքի:

Մնացականեան նշած է, որ իրենց կազմակերպութիւնը մշտապէս կ’արձագանգէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող հասարակական-առողջապահական խնդիրներուն եւ բաւական լուրջ աշխատանք կը տանի նաեւ սուրահայերուն օգնելու կարեւոր գործին: «270.000 եւրոյի օգնութիւնը կը լինի մասնագիտացման՝ արուեստ կամ արհեստ սովորեցնելու, ինչպէս նաեւ հագուստ, սանիտարահիգիենիկ պարագաներ, սննդամթերք, անհրաժեշտ այլ պարագաներ գնելու տեսքով»,- նշած է Մնացականեան: Անոր խօսքով՝ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան շնորհիւ պիտի համակարգուին ծրագիրի աշխատանքները՝ օգնութեան կարիք ունեցող սուրիահայ բոլոր ընտանքիներուն աջակցելու համար:

«Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Լենա Հալաճեան նշած է, որ այս ծրագիրը հայաստանաբնակ սուրիահայերուն ուղղուած ամենախոշոր օգնութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ: Նախապէս այդ ամենամեծ գումարային օգնութիւնը կատարած էր Քուէյթի պետութիւնը՝ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոնին փոխանցելով 100.000 ԱՄՆ տոլար:

Աւստրիոյ կառավարութիւնը Հոկտեմբերի վերջը յայտարարած էր, որ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերուն 600.000 եւրոյի աջակցութիւն պիտի տրամադրէ: 270.000-ը այդ երկիրը սուրիահայերուն պիտի ուղղէ Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութեան, իսկ մնացեալը՝ «Հայկական Գարիթաս» բարեսիրական հասակարական կազմակերպութեան միջոցով: