Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ռուսիա դրական յոյսեր ունի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն միջեւ շփումներու վերականգնումէն եւ պատրաստ է օժանդակութիւն ցուցաբերելու Արցախի տագնապի կարգաւորման գործին,

ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Հայաստանի իր պաշտօնակից Էդուարդ Նալբանդեանի հետ Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպումէն ետք:

Լաւրով յոյս յայտնած է, որ մօտիկ ապագային Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեանց միջեւ ուղղակի կապերը կը վերականգնին, եւ՝ «մենք ամէն ձեւով պիտի օգնենք, ինչպէս արդէն ըսած եմ, անհրաժեշտ մթնոլորտի ձեւաւորման համար», որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ Արցախի հակամարտութեան լուծման:

 

ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻ
ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԵՐՈՒՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
 

«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ թէ Լաւրով յայ-տարարած է թէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստան պիտի այցելէ Դեկտեմբերի առաջին օրերուն ընթացքին, աւելցնելով, թէ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովին հետ բանակցութիւնները՝ Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան վերաբերեալ, կ՛ընթանան յաջողութեամբ: