Հալէպի մէջ վիճակը աւելի սրած է
Վերջին շրջանին Սուրիոյ առեւտրային Հալէպ քաղաքի մէջ խաղաղ բնակչութիւնը դարձած էր ապստամբ զինեալ խմբաւորումներու թիրախ:
Ինչպէս «Առաջին լրատուական»-ին յայտնեց Հալէպի «Բերիոյ» թեմի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանը, Սուրիոյ մէջ բանակը որոշ յառաջխաղացում արձանագրած է, որու պատճառով աւելի յարձակողական դարձած են ընդդիմադիրները. «Երբ բանակը ընդդիմադիր կողմին նեղ կացութեան մէջ կը դնէ, ընդդիմադիրները կը հակադարձեն ռմբակոծութիւններով» կ'ըսէ ան:
Ժիրայր Ռէյիսեանի փոխանցմամբ՝ մի քանի օրուայ ընդմիջումէ յետոյ երեխաները երէկ արդէն սկսան դպրոց յաճախել, մարդիկ անցան իրենց բնականոն աշխատանքին, որքան որ կարելի է այս, այսուհանդերձ Հալէպի մէջ կը շարունակուին ռմբակոծումները. «Եթէ որեւէ վտանգ պատահի, անակնկալ կÿըլլայ, և յատկապէս այս անակնկալ ռմբակոծութիւններն են որ մարդկային ու նիւթական վնասներ կը պատճառեն»:
Ռմբակոծումներու պատճառով քաղաքին մէջ ալ աւելի սրած են տեղաշարժուելու, էլեկտրամատակարարման եւ ջուրի խնդիրները: Վնասուած են էլեկտրալարերը, իսկ ինչպէս նշեց պրն. Ռէյիսեանը՝ օրուայ մէջ շատ քիչ ժամ ելեկտրականութիւն կը տրուի: Վնասուած են նաեւ ջուրի խողովակները. «Շատ դժուար դարձած է սննդամթերքի ապահովման հարցը, եղածը շատ սուղ է, իսկ անոնք, որոնք քաղաք մնացած են, այդքան գումար չեն կրնար հայթայթել»:
Սուրիական Բանակի Հայ Զինուոր Մը՝ Վիրաւորուած
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երէկ՝ Երկուշաբթի, 18 Նոյեմբեր, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Հալէպի Լերամուն շրջանին մէջ զինեալ ընդդիմադիրներու կողմէ հրթիռ արձակուած է սուրիական բանակի կեդրոնի մը վրայ: Արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ:
Հրթիռարձակումին պատճառով վիրաւորուած է նաեւ սուրիական բանակին մէջ ծառայող հայ զինուոր մը՝ Բաբգէն Պաղտատեան:
Հրթիռարձակումէն վիրաւորուածները անմիջապէս տարուած են հիւանդանոց եւ անմիջական բուժում ստացած: Բաբգէն Պաղտատեանի վէրքերը բուժուած են արդէն, այժմ բնակարանն է եւ կը հանգստանայ: