Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Սուրիոյ հիւսիսը բնակող քիւրտերը յայտարարած են ժամանակաւոր անցումային կառավարութիւն ստեղծելու իրենց ծրագիրներուն մասին:

Այս մասին՝ ըստ yerkirmedia-ի՝ յայտարարած է «Քրտական ժողովրդական միութիւն»  կուսակցութիւնը Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելեան սահմանին գտնուող Գամիշլի քրտաբնակակ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն ետք:

Սուրիոյ քիւրտերուն հիմնական մասը կը փորձէր անմիջական ներգրաւուածութիւն չունենալ սուրիական հակամարտութեան մէջ, սակայն իսլամական գրոհայինները ներթափանցած են քիւրտերու վերահսկողութեան տակ գըտնուող տարածքներ՝ պատճառ դառնալով քիւրտ զինեալներու հետ տեւական մարտերու:

Նշենք, որ քիւրտերը կը կազմեն Սուրիոյ բնակչութեան 10% տոկոսը: