Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինին, տեղի ունեցաւ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» 9-րդ հատորի ներկայացումը՝ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, ներկայութեամբ քաղաքական, միութենական եւ կրթական ներկայացուցիչներու ու մեծաթիւ ներկաներու։

ՀՅԴ քարոզչական մարմինին անունով Գրիգոր Հաշէօլեան բացումը կատարեց ձեռնարկին՝ ներկայացնելով նշեալ հատորի հիմնական ենթաբաժանումներն ու օրուան բանախօսները։

«ՀՅԴ-ի կեդրոնական արխիւներու ուսումնասիրութեան առաջին լուրջ փորձը կատարած է Սիմոն Վրացեան, որ 1930-ական թուականներէն «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ հրատարակած է ՀՅԴ-ի արխիւային նիւթեր», ըսաւ Հաշէօլեան՝ նշելով, որ ՀՅԴ-ի արխիւային եւ առնչակից նիւթեր լոյս տեսած են նաեւ պարբերաբար ՀՅԴ-ի օրկան «Դրօշակ»-ի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Սիմոն Վրացեանի կողմէ Փարիզի մէջ հրատարակուած «Վէմ» հանդէսին մէջ։

ՀՅԴ 19-րդ Ընդհանուր ժողովին որոշումով, Վրացեանէն ետք ՀՅԴ-ի արխիւներու հրատարակման աշխատանքը ստանձնած է Հրաչ Տասնապետեան, որուն խմբագրութեամբ լոյս տեսած են «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար»-ի առաջին չորս հատորները։ «Այդ աշխատանքը այսօր կը շարունակէ մտաւորական եւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան» ընդգծեց Հաշէօլեան։

Բանախօսներէն նախ խօսք առաւ Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Էդիկ Մինասեան, որ աւելի քան կէս ժամ տեւողութեամբ հանգամանօրէն ներկայացուց հատորի հիմնական մասերը, որոնք կը բաժնուին երեք գլուխներու.
Պարսկական սահմանադրութիւնը 1909-1911 եւ ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը։
Կովկասն ու ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը։
Եւրոպայի հայ ուսանողական միութիւնները։

«Աւելի քան 295 փաստաթուղթերով, բովանդակութեան իմաստով այս հատորը արժէքաւոր է ոչ միայն ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան, այլեւ՝ 19-րդ եւ 20-րդ դարերու հայոց պատմութեան ու Հայաստանի խորհրդային շրջանի պատմագրութեան համար», ընդգծեց փրոֆ. Էդիկ Մինասեան՝ մանրամասնելով նշեալ իւրաքանչիւր գլուխներու հիմնական խորագիրները։ 

Ապա խօսք առաւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մհեր Յովհաննիսեան, որ անդրադարձաւ հատորի նիւթերուն, անձնանուններու եւ տեղանուններու յիշատակութեան պայմաններուն եւ առաւելութիւններուն։

Օրուան երրորդ բանախօսն էր լեզուաբան, հայագէտ Յովիկ Պերթիզլեան, որ առաւելաբար կեդրոնացաւ Փամպուքեան խմբագիրի, պատմաբանի առանձնայատկութիւններուն վրայ։ «Պատահական չէր, որ ՀՅԴ Բիւրոն Երուանդ Փամպուքեանին վստահեցաւ «Նիւթեր»-ու խմբագրութիւնն ու հրատարակութիւնը», ըսաւ ան՝ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով Փամպուքեանի կենսագրական կէտերը՝ պատմաբան եւ քաղաքական գիտութեանց շրջանաւարտ՝ Պելճիքայէն։ Փամպուքեան երկար տարիներ վարած է Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի տնօրէնի պաշտօնը՝ միաժամանակ հիմնարկին մէջ դասախօսելով հայոց պատմութեան նիւթին մասին։ Ան երկար տարիներ եղած է նաեւ «Ազդակ»-ի տնօրէնը, եւ իր օրով է, որ թերթը սկսաւ լոյս տեսնել ութ էջերով։ «Ան առաջիններէն էր, որ յաջողած է համագործակցութիւն ապահովել եւ հայրենի դասախօսներ հրաւիրել հայագիտականի դասընթացքներուն», ըսաւ Պերթիզլեան՝ նշելով, որ Փամպուքեանի գիտական աշխատանքներէն մէկը եղած է նաեւ Արշաւիր Շիրակեանի գիրքին յառաջաբանը, ուր ան Ցեղասպանութեան գիտական հիմնաւորումը կատարած է։ «Ան արժանաւոր յաջորդը եղաւ Սիմոն Վրացեանի եւ Հրաչ Տասնապետեանի», ընդգծեց Պերթիզլեան՝ շնորհաւորելով Փամպուքեանը եւ նշելով, որ «Նիւթեր»-ու 10-րդ հատորը արդէն իսկ հրատարակութեան գրեթէ պատրաստ վիճակին մէջ է։ 

Իր կարգին, խօսք առաւ «Նիւթեր»-ու խմբագիր Երուանդ Փամպուքեան, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, յատկապէս իր խոր գոհունակութիւնը յայտնելով հայրենի պատմագէտ Մհեր Յովհաննիսեանին, որուն ճիգերով «Նիւթեր»-ու բոլոր հատորները ձեռնտու եւ օգտագործելի պիտի ըլլան համացանցի վրայ։ «Արխիւային հարուստ տեղեկութիւններ կան, սակայն աշխատողի պակաս կայ», ընդգծեց Փամպուքեան՝ միաժամանակ վստահեցնելով, որ «մեր ժողովուրդի ազատագրական կարեւոր շրջանի մասին ամբողջական տեղեկահաւաք կայ, որ անաչառ կերպով կարելիութիւն պիտի ընծայէ բոլոր պատմագէտներուն, որ իրազեկ դառնան ամբողջ տեղեկութեանց եւ ապա դատին»:

Աւարտին ան մակագրեց իր գիրքը ներկայ ընթերցողներուն։