Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կից Ազգային Ս. Թարգմանչաց ճեմարանի աշակերտներու արձակումի պահուն, ճեմարանի դրան առջեւ գտնուող փոխադրակառքին կողքը ինկած հրթիռի մը բեկորները

պատճառած են զոհեր եւ տասնեակ մը վիրաւորներ, որոնց մեծ մասը աշակերտներ են: Զոհերու շարքին է հայ աշակերտ մը, իսկ վիրաւորներու մէջ կան քանի մը հայ աշակերտներ, որոնք հիւանդանոց փոխադրուած են՝ համապատասխան դարմանում ստանալու համար: