«Սլաք» կայքէջը կը հաղորդէ թէ խումբ մը ռուս ծայրայեղ աջակողմեան երիտասարդներ (ո- րոնց սափրագլուխներ անունը կը տրուի) ժամանելով Սամարայի Կինել քաղաքը յարձակում գործած են կովկասցիներու՝ որոնց շարքին նաեւ հայերու դէմ։
Հաղորդումին համաձայն, տեղացի բնակիչները փորձած են պաշտպանել սեփական բնա- կարանները եւ վաճառախանութները սափրագլուխներէն, սակայն որոշ պարագաներու չեն կարողացած կասեցնել անոնց. եղած են որոշ դէպքեր երբ անոնք կոտրած են դուռեր եւ սարսափի մատնած են մարդոց։