Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքին մէջ իր աշխատանքները աւարտեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10¬րդ Համաժողովը։
Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան ժողովականներուն ներկայացուց 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը, որը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ։ Յայտնենք, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-տարելիցին առիթով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդ յղուած բանաձեւը Անթիլիասի մէջ խմբագրուած էր եւ Համաժողովէն ներս յիշեալ բանաձեւի քննարկման յանձնախումբի ատենապետուհի՝ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեանի ջանքերով այս արդիւնքին հասած:
Նոյն օրը կէսօրին համաժողովը հաւաքական աղօթքով իր աւարտին հասաւ:
Յետմիջօրէին նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը նիստի հրաւիրուեցաւ եւ ընտրեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 23 անդամներէ բաղկացած Գործադիր Վարչութիւնը, ատենապետը եւ երկու փոխ-ատենապետները:
Գործադիր Վարչութեան անդամ ընտրուեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան: Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ափրիկեցի տիկին մը, դոկտ. Ակնէս Ապում ատենապետ ընտրուեցաւ՝ եւ փոխ-ատենապետ ընտրուեցան մետրոպոլիտ Կենատիոս ու դոկտ. Մէյրի Էնն Սուենսըն:
Յայտնենք, թէ Չորեքշաբթի 6 Նոյեմբերին, տեղի ունեցած էր ութը նախագահներու եւ 150 անդամներէ բաղկացած Կեդրոնական Վարչութեան ընտրութիւնը:
Տուեալ ընտրութեան համար՝ Արեւելեան ոչ-քաղկեդոնական Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքին յատկացուած աթոռին համար համանախագահ ընտրուած էր՝ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս։
Իսկ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընտրուած են՝ Գերշ. Տ. Վիգէն արք. Այքազեան եւ Փոլա Տէր Մաթոյեան (Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթ.) ու Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ տիկին Թենի Սիմոնեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն):