ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Կազմակերպութեամբ
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (ՍՕԽ) Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ Հալէպի մէջ յաջորդաբար երեք օրերու տեւողութեամբ տեղի ունեցաւ «Ժողովավարական օրէնքներ» եւ «դիւանային աշխատանք» նիւթով սեմինար մը:
ՍՕԽ-ի Հալէպի երեք մասնաճիւղերու սեմինարները տեղի ունեցան հետեւեալ ձեւով՝
Երեքշաբթի, 29 Հոկտեմբերին, «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ (Սիւլէյմանիէ) «Սեւան» մասնաճիւղ:
Չորեքշաբթի, 30 Հոկտեմբերին, ՍՕԽ-ի դարմանատունը (Նոր Գիւղ) «Նայիրի» մասնաճիւղ:
Հինգշաբթի, 31 Հոկտեմբերին, «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան մէջ (Վիլլաներ) «Անի» մասնաճիւղ:
Սեմինարին ընթացքին ներկայացուեցան հետեւեալ նիւթերը.
Աննա Տէր Յակոբեան՝ արխիւային
Ֆիմի Տէր Յակոբեան՝ հաշուապահական, Հռիփ Կանանեան ժողովներու ընթացքին անհրաժեշտ կանոններ:
Բոլոր զեկուցաբերները ծանրացան ժողովներու ընթացքին անհրաժեշտ կանոններու գործածութեան, ՍՕԽ-ի Ծրագիր-կանոնագիրին, վարչական գիտելիքներուն, դիւանական աշխատանքներուն (ատենագրութիւն, նամակ, զեկուցում, շրջաբերական, տեղեկագիր), արխիւային աշխատանքի պահպանման եւ հաշուապահական ու գանձապահական մանրամասն տեղեկութիւններուն վրայ:
Նիւթերու ներկայացման յաջորդեց պատգամաւորական աշխատանքային վարժանիստ (workshop):
Մինչ այդ, նշենք, որ Դամասկոսի մէջ ընդհարումներու դաշտը օրական փոփոխութեան կ՛ենթարկուի մայրաքաղաքի արեւելեան արուարձաններէն դէպի արեւմուտք եւ հարաւ:
Պաշտօնական աղբիւրները կը հաղորդեն, որ սուրիական բանակը յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ տարբեր ծայրամասերու ուղղութեամբ, ինչպէս՝ Պարզէ եւ Քապուն:
Մայրաքաղաքի կեդրոնի տարբեր խաղաղ թաղամասեր կը շարունակեն թիրախ դառնալ հրասանդի հրթիռներու հարուածներուն, որոնց պատճառով կ՛արձանագրուին վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ, իսկ բախումներու գօտի դարձած շրջանները տակաւին կ՛ենթարկուին դիպուկահարներու հարուածներուն: