ԿԱՆԹԵՂ ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ - Հոկտեմբեր 29-ին, պաշտոօնական այցով Պուլկարիայի մէջ գտնուող յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Սեբաստիայի թեմի առաջնորդ Միտրոպոլիտ Թեոդոսիոսը, այցելութիւն կատարեց Պուլկարիայի Հայոց Առաջնորդարան:
Առաջնորդարանին մէջ գերաշնորհ հիւրին դիմաւորեց Պուլկարիայի հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ հոգշ. Տ. Աբգար վրդ. Յովակիմեան:
Առանձնազրոյցէն ետք, Թեոդոսիոս արքեպիսկոպոսը առաջնորդարանի շէնքին մէջ հանդիպեցաւ Պուլկարիայի մէջ կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ, որ կազմակերպած էր Թեմական խորհուրդի ատենապետ, Պուլկարիայի մէջ կրօնական համայնքներու ազգային խորհուրդի ատենապետ պրն. Ռուբէն Գրիգորեան: Հանդիպումը անցաւ շատ ջերմ սիրոյ եւ եղբայրութեան մթնոլորտի մէջ:
Հանդիպման ընթացքին արքեպիսկոպոսը մանրամասն ներկայացուց Երուսաղէմի մէջ կրօնական համայնքներու միջեւ տիրող սիրոյ եւ փոխըմբռնումի մթնոլորտը: Ան կարեւոր նկատեց փոխ հասկացուածութիւնը ոչ միայն քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ հարանուանութիւններու միջեւ, այլ նաեւ այլ կրօնական ուղղութիւններու հետ: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Պուլկարիայի մէջ եւս կը նկատուի այդպիսի մթնոլորտ: Անոր վառ ապացոյցն է, որ այդ հանդիպման կը մասնակցէին ոչ միայն քրիստոնէական համայնքներու ներկայացուցիչներ, այլ նաեւ մուսուլմանական եւ հրեական համայնքներէն:
Պուլկարիայի հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայ եւ Յունաց պատրիարքարաններու պատմական անցեալին Երուսաղէմի մէջ: Հայր Աբգար վարդապետը կարեւոր նկատեց ուխտագնացութիւններու կազմակերպումը դէպի Աւետեաց երկիր: Իր խօսքի աւարտին ան եւս մէկ անգամ շնորհակալութիւն յայտնեց Թեոդոսիոս արքեպիսկոպոսին հայոց առաջնորդարան իր այցի առիթով:
Թեոդոսիոս արքեպիսկոպոսը (Աթալլահ Հաննա) 2005 թուականէն Երուսաղէմի Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պաշտօնական խօսնակն է, ինչպէս նաեւ Սեբաստիայի թեմի առաջնորդը: Ան յայտնի է Պաղեստինի մէջ եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու պաշտպանութեան հարցով իր աշխուժ գործունէութեամբ: Պուլկարիայի մէջ ան հանդէս կուգայ դասախօսութեամբ «Արաբ քրիստոնեաները եւ արաբական գարունը» նիւթով: