Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանին մէջ գտնուող Յունաց հիւպատոսարանին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանէն անուանի նկարիչ Շմաւոր Շմաւոնեանի նկարչական ցուցահանդէսը: Ներկայ գտնուած են տիեզերական պատրիարք Պարթոլոմէոս սրբազանը եւ Հայոց պատրիարք Արամ արք. Աթէշեանը, յոյն հիւպատոսը եւ հիւպատոսարանի անձնակազմը:
Շմաւոնեան ներկայացուցած է 26 գործեր:
Ցուցադրութիւնը կազմակերպուած էր «Փարոս» ամսաթերթի հրատարակութեան երկրորդ տարեդարձին առիթով, խմբագիր Մայտա Սարիսի կողմէ: