Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Թրքական մամուլը կ'անդրադառնայ քրտական հարցի եւ քրտերէն լեզուի դասաւանդութեան ու գործածութեան հարցերուն: Քրտերէն լեզուով դասաւանդութեան իրաւունքի հարցը առաջնակարգ է անշուշտ, բայց դժուար չէ ենթադրել որ մայրենի լեզուի օգտագործման հարցը կը զիջի՝ քրտական ինքնութեան ճանաչման եւ մասնաւորաբար ժողովրդավարական ինքնավարութեան հաստատման իրաւունքին առջեւ: Այլ խօսքով, քիւրտերը կ'ուզեն իրենց շրջաններուն մէջ ինքնավար ու անկախ ըլլալ: Կարելի է մտածել որ քրտական կողմէ այս հեռապատկերով է որ համաձայնած էին Թուրքիոյ կառավարութեան հետ, ՓՔՔի ուժերը Թուրքիայէն դուրս քաշելու մասին: Բայց, ինչպէս օրին հաղորդած էինք, այս գործընթացը կանգ առաւ:
Ներկայիս, քրտական կազմակերպութիւնները դարձեալ կը ներկայացնեն երեք հիմնական պահանջներ: Ասոնք են՝
1 - Սահմանադրական ապահովութիւն՝ քրտական ինքնութեան եւ քրտական մշակոյթին ճանաչման համար:
2 - Ճանաչում՝ ժողովրդավարական ինքնավարութեան:
3 - Ճանաչում՝ ամէն մարզէ ներս մայրենի լեզուով դասաւանդութեան իրաւունքի:
Դժուար չէ ենթադրել որ այս երեք պայմաններէն ամէնէն դժուար ընդունելին երկրորդն է:
Քիւրտերը կը պնդեն թէ քրտական հարցը ո՛չ միայն Միջին Արեւելքի, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի համար կարեւոր խնդիր է, ուստի կոչ կÿուղղեն որպէսզի միջազգային իրաւարար ու ժողովրդավար մարմինները զօրակցին քիւրտերուն: