Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Վերածաղկող Ատրպատականի Հայոց Թեմի համար եկամտաբեր նոր աղբիւր ըլլալու կոչուած Ղալայի ¥Բերդաթաղ։ վաճառատան հիմնօրհնէքը կատարուեցաւ 24 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտ,հովանաւորութեամբ եւ ձեռամբ Ա- տըրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ գերպ. Տ.Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեանի: Ազգային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ եկեղեցապատկան Միութիւններու ներկայութեամբ, Բերդաթաղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հողամասին վրայ, դէպի «Տիք Պաշի» հրապարակ նայող բաժնին մէջ, հիմը դրուեցաւ սոյն վաճառատան, որ Ազգային Վարչութեան ջանքերով մէկ տարուան մէջ երկրորդ եկամտաբեր աղբիւրը պիտի ըլլայ Թեմին, Ազգային Առաջնորդարանի պարիսպին մէջ բացուած նոր վաճառատան հետ միատեղ:    
Նոր կառոյցի առաջին հիմը զետեղելէ ետք, Թեմակալ Առաջնորդը իր շնորհաւորական խօսքը արտասանեց, ուղղուած Ազգային Իշխանութեան բոլոր կառոյցներուն, ներկաներուն եւ  ընդհանրապէս  Ատրպատականի Հայոց  Թեմի  բոլոր զաւակներուն: Նոյնպէս, ան վեր առաւ Ազգային Վարչութեան աշխոյժ ու միասնական ջանքերը, շարունակելու «մեր հայրերէն ժառանգուած անշարժ գոյքի շահարկման ու բարեզարդման գործը, ի նպաստ Թեմէն ներս հայ կեանքի պահպանման ու ծաղկման»: