Հինգշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայաստանի Հրատարակչատուներու համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, բաղկացած ութ անձերէ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ Հայաստանի մշակութային նախարարութեան վարչութեան պետը, ինչպէս նաեւ՝ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի եւ գրատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան:
Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց հայ գիրքի տարածման գծով Հայաստանի հրատարակչատուներուն կատարած աշխատանքը: Ան ըսաւ. «Ներկայ ժամանակներու մարդը գիրքէն, այլ խօսքով՝ ոգեղէն արժէքներէն հեռացնող համաշխարհայնացումի մշակոյթին դիմաց անհրաժեշտ է կրկնակի աշխատանք տանիլ՝ հայ գիրքը ներկայութիւն դարձնելու մեր կեանքին մէջ: Սա նուիրական առաքելութիւն մըն է, որուն պէտք է լծուինք բոլորս, ներառեալ մեր եկեղեցին»: Վեհափառ հայրապետը նաեւ յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առաւել ամրապնդման հրամայականին. «Պատահական, ձեւական ու ժամանակաւոր նախաձեռնութիւններէն անդին անհրաժեշտ է մեր կեանքին մէջ դրոշմ ձգող, անոր նոր որակ ապահովող նախաձեռնութիւններու դիմել՝ մէկ ազգի ու մէկ մշակոյթի պատկանելիութեան խոր գիտակցութեամբ», շեշտեց վեհափառ հայրապետը: