Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Պելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումին ընթացքին՝ պատասխանելով «ԱրմԻնֆօ» գործակալութեան թղթակիցին հարցումին, յայտնած է, թէ

չի բացառեր ճանաչումի չարժանացած կամ մասնակի ճանաչումի տէր պետական կազմաւորումներուն Մաքսային Միութեան, ինչպէս նաեւ նոր ձեւաւորուող Միասնական տնտեսական միութեան մէջ յատուկ կարգավիճակ տալ:

Պելոռուսական պետութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ նման գաղափար չէ քննարկուած, եւ ինք տակաւին պատրաստ չէ որեւէ պատասխան տալու: «Սակայն ատիկա նիւթ մըն է, որ կրնայ քննարկուիլ», նշած է Լուքաշենքօ:

Ան համաձայն գտնուած է այն կարծիքին, որ ճանաչումի չարժանացած կազմաւորումներուն (Լեռնային Ղարաբաղ, Մերձտնեսթր, Աբխազիա, Հարաւային Օսեթիա) տնտեսութիւնները ամբողջովին համարկուած են Մաքսային միութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան այն երկիրներուն, որոնք մտադիր են Մաքսային Միութեան միանալու: Լուքաշենքօ նաեւ համաձայն գտնուած է, որ այդ կազմաւորումներու նկատմամբ տնտեսական արգելքներ դնելը ճիշդ պիտի չըլլայ, յատկապէս եթէ հաշուի առնենք անոնց պատմութիւններու ողբերգական պահերը:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան՝ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ նշած է, որ այդ հարցի կարգաւորումը ամբողջովին կախեալ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներէն: «Անոնք պէտք է նստին ու վերջնականապէս համաձայնին եւ որքան կարելի է արագ լուծեն այդ խնդիրը»: