Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Խաչելութիւն-յարութիւն-վերածնունդ խորհրդանշող յուշարձանին հեղինակն է գանատահայ քանդակագործ Արտօ Չագմագեան։

Հանրային կեդրոնական վայրի մը մէջ գտնուող Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան իբր, Լաւալի նորակառոյց յուշարձանը Գանատայի մէջ առաջին յուշակոթողն է։

Գանատացի պաշտօնական քաղաքական հիւրերու եւ բազմահարիւր հայրենակիցներու ներկայութեամբ արարողութիւնը սկսաւ Գանատայի եւ Հայաստանի պետական օրհներգներով եւ պետական դրօշներու մուտքով։ 

Հոկտեմբեր 20-ին, Գանատայի Քեպէգ նահանգի երրորդ մեծագոյն քաղաքը հանդիսացող Լաւալի քաղաքակեդրոնին մէջ, բացումը կա- տարուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիր- ւած յուշարձանին։

Օրուան հանդիսավար Անի Արեւեան յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց Լաւալի Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանի միացեալ յանձնախումբի ատենապետ Սագօ Եագուպեանին, յուշարձանի յանձնախումբի անդամ Յովիկ Թիւֆէնքճեանին, Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Գանատայի Միացեալ յանձնախումբի ատենապետ Մհեր Գարագաշեանին, որոնք միահամուռ հաստատեցին հայոց պահանջատիրութեան գծով գանատահայութեան վճռակամութիւնը։

Յուշարձանի հեղինակ Արտօ Չագմագճեան իր սրտի խօսքը փոխանցելով յայտնեց,   թէ յուշարձանի խորքային իմաստը՝ յոյսն է։ Գեղարուեստական բաժինին մասնակցեցան երգիչներ Սարգիս Պարսէմեան, Էլի Պէրպէրեան, Լաուրա Պէրպէրեան, դուդուկահար Վաղարշակ Ատէմեան եւ հնգամեայ ասմունքող Կրէթա Մխիթարեան։

Շնորհաւորութեան եւ ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ժոզլին Կերթէն, Քեպէգի խոր- հըրդարանի անդամ Սուզան Փրուլ, Գանատայի խորհրդարանի անդամ Խոսէ Նունէ Մէլօ, Գանատայի խորհրդարանի անդամ Սթէֆան Տիոն եւ Գանատայի խորհրդարանի նախկին անդամ Մատլէն Տալֆոն Կիրալ, որոնք դատապարտե- ցին Հայկական Ցեղասպանութեան հանդէպ շղթայազերծուած ուրացման քաղաքականութիւնը եւ իրենց անվերա- պահ զօրակցութիւնը յայտնեցին գանատահայութեան։

Իր խօսքը փոխանցեց Գանատայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Եգանեան, որ նորանոր ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու համար՝ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը։

Հայաստանի, Արցախի, Գանատայի, Քեպէգի եւ Լաւալի դրօշներուն հովանիին ներքեւ, Առաջնորդ Սրբազան Խաժակ Արք. Յակոբեան, Առաջնորդ Սրբազան Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, վերապատուելի Մանուէլ Ճինպաշեան եւ Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեան կատարեցին յուշարձանի օրհնութեան արարողութիւնը։