Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ» օրաթերթը կը հաղորդէ թէ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21ին բողոքի ցոյց մը պիտի կազմակերպուի Լոս Անճելըս այցելող Թուրքիոյ փոխ վարչապետ Ալի Պապաճանի դէմ, որ հրաւիրուած է ելոյթ ունենալու Համաշխարհային հարցերու խորհուրդի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին առջեւ:

Հայութիւնը պիտի համախմբուի Լոս Անճելըսի «աստղերու պողոտայի» վրայ գտնուող «Ինթերքոնթինենթալ» պանդոկին առջեւ, ուր պիտի կազմակերպուի Համաշխարհային հարցերու խորհուրդի հաւաքը, բացայայտելով թրքական պետութեան անհանդուրժողական ու ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ մերժողական կեցուածքը: Ցոյցի լոզունգն է «Բողոք՝ թրքական սուտերուն դէմ»: