ՊՈՍԹԸՆ.- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15-ին, կատարուեցաւ Մասաչուսէց նահանգի հինգերորդ ընտրաշրջանի քոնկրէսական աթոռի ընտրութիւնը, փոխարինելու համար Էտ Մարքին, որ Յունիս 25-էն ի վեր ընտրուած է ծերակուտական, փոխարինելով արտաքին գործոց նախարար ընտրուած Ճոն Քերին:
Մասաչուսէցի ոստիկանապետ շերիֆ Փիթըր Գութուճեան (Դեմոկրատական), որ իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր, գրեթէ 22 առ հարիւր քուէներ ստանալով գրաւեց երկրորդ դիրքը: Մօտաւորապէս 32 առ հարիւր քուէներու համեմատութիւն մը ստացած՝ Քէթըրին Քլարք (Մելրոզ) առաջին հանդիսանալով, յաղթական դուրս եկաւ:
Ընտրութիւններու աւարտին, Գութուճեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր կողքին գործած անհատներուն եւ յատկապէս շրջանի հայութեան:
Յիշեցնենք, որ Փիթըր Գութուճեան այս տարուայ Մայիսին Աթէնք այցելած էր, մասնակցելով Պոնտոսցիներու Ցեղասպանութեան նուիրուած յիշատակի ձեռնարկներուն: