Հալէպի մէջ սուրիական կառավարական ուժերու բացած Խանասերի ճանապարհին շնորհիւ վերականգնեցաւ սննդամթերքի եւ վառելանիւթի մատակարարումը:
Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին յայտնեց Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի աշխատակից Զարմիկ Պողիկեան՝ նշելով, որ քաղաքի կենցաղային եւ ապահովութեան պայմանները կը շարունակեն ծանր մնալ: «Մէկուկէս ամիս է, որ չեն գործեր հաղորդակցութեան միջոցները, նոյնպէս արտաքին հեռախօսակապը: Կը գործէ միայն ներքին հեռախօսակապը: Վերջին օրերուն վերականգնեցաւ համացանցին հասանելիութիւնը: Սուրիոյ հարցի առնչութեամբ չնայած արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ դրական տեղաշարժ կայ, բայց ներքին վիճակը յատկապէս Հալէպի մէջ եւ անոր շրջակայքը կը շարունակէ մնալ անապահով»,- ըսաւ ան: Ան շարունակելով յայտնեց, թէ հայկական վարժարանները, թէեւ ծանր պայմաններու տակ կը գտնուին, այդուհանդերձ սկսած են իրենց ուսումնական տարին եւ բարեյաջող կը գործեն:
«Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գըլխաւոր հիւպատոս Կարէն Գրիգորեանի ջանքերով նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 22-ամեակը: Յառաջիկայ օրերուն՝ Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի վտանգաւոր գօտիին մէջ յայտնուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի կþունենան Թարգմանչաց տօնին նուիրուած արարողութիւններ եւ աշակերտական ձեռնարկներ»,- նշեց Զարմիկ Պողիկեան:
ՄԱԿ-ի տուեալներով՝ աւելի քան երկու տարիէ ի վեր շարունակուող սուրիական պատերազմի հետեւանքով մինչեւ 2013 թ. Ապրիլ մահացած է աւելի քան 100 հազար մարդ: Սուրիոյ մէջ ներքին գաղթականներու թիւը 4,5 միլիոն է, իսկ մօտակայ երկիրներուն մէջ գաղթականներու թիւը ՄԱԿ-ի վերջին տուեալներով կը գերազանցէ 2 միլիոնը: