Սուրիոյ մէջ ընթացող քաղաքացիական պատերազմի շրջանին Հոմս, Հալէպ եւ Մաալուլա քաղաքներուն մէջ 60 քրիստոնէական եկեղեցի քանդուած է:
Այդ բնակավայրերուն մէջ հաւատացեալներ զոհուած են եւ կը զոհուին: Այդ մասին՝ ըստ panarmenian կայքին՝ յայտարարած է արքեպիսկոպոս Մար Սիլվան Պատր Ալ Նամեհը (Սուրիոյ օրթոտոքս եկեղեցի) Ռուսիոյ Տումայի միջազգային գործերու գծով կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Լէոնիտ Քալաշնիքովի հետ հանդիպման ժամանակ:
Ըստ Ալ Նամեհի՝ «Այն, ինչ այժմ կը կատարուի Սուրիոյ մէջ, ընդհանուր ցաւ է», այնպէս, ինչպէս պատերազմը, որ կ'անդրադառնայ պետութեան բոլոր բնակիչներուն վրայ: «Մենք կը կարծենք, որ Սուրիան տուն կը մնայ մեզի համար», յոյս յայտնած է սուրիացի եկեղեցականը՝ ափսոսանքով նշելով, որ հայրենիքը արդէն կէս միլիոն քրիստոնեայ լքած է:
Մինչ քաղաքացիական պատերազմը քրիստոնեաները կը կազմէին Սուրիոյ բնակչութեան 10 տոկոսը: 2011էն երկրին մէջ սպաննուած է շուրջ 1000 քրիստոնեայ, քանդուած է շուրջ 40 եկեղեցի ու քրիստոնէական այլ կառոյցներ: Մօտ 500 հազար քրիստոնեայ փախած է երկրէն: