Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Սուրիոյ կառավարական ուժերը յաջողած են վերականգնել Հալէպի 11 գիւղերու կայութիւնն ու անվտանգութիւնը:

Տեղի ունեցած բախումներու հետեւանքով «Ժապհատ Ալնուսրա» խմբաւորման անդամներ սպաննուած են, ոչնչացուած են անոնց թաքստոցները եւ զէնքերը: Այս մասին՝ ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ հաղորդած է սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութիւնը: Կանխուած է զինեալներու Սուլէյման ալ Հալապի, Աարգուպ թաղամասեր մուտք գործելու փորձը: