Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ֆրանսայի «Նոր Յառաջը» կը տեղեկացնէ թէ անցեալ Շաբաթ 5 Հոկտեմբերին, Ալֆորվիլի Սուրբ Մեսրոպ կրթարանի նոր շէնքին շինարարական աշխատանքներու վերսկսման օրհնութիւնը կատարուեցաւ։

Այս գծով կը տեղեկացուի, թէ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորվան սրբազանի կողմէ դպրոցի քարի զետեղումն ու օրհնութիւնը կատարուած էր Նոյեմբեր 2009ին, սակայն ճարտարապետի փոփոխութեան պատճառով աշխատանքը կանգ առած էր: Ներկայիս, ճարտարապետ Միրիամ Յակոբեանի նոր ծրագրի մշակումով կը շարունակուի գործը: Յունիսէն ետք աշխատանքներ կատարուած են, իսկ այժմ 14 մեթր խորութեամբ 36 սիւներու հիմքերուն շինութիւնը պիտի սկսի։

Օրհնութեան արարողութեան ներկայ եղաւ շինարարութեան գլխաւոր բարերարը Լիբանանէն՝ պրն. Գէորգ Արապեանը։

Նախատեսուած է աշխատանքը աւարտել մինչեւ Յունուար-Փետրուար 2015: