Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ողիմպական ջահը Ռուսաստանի մէջ փոխադրելու համար տաս մարզիկներու շարքին ընտրուած էր նաեւ վեթերան հայ լողորդ Շաւարշ Կարապետեանը, որ Քրեմլին հասցուց Յունաստանի Օլիմպիայի մէջ եօթ օր առաջ ճամբայ ելած ողիմպիական ջահը։

Մոսկուայի «Կարմիր հրապարակին» վրայ տեղի ունեցաւ Սոչիի մէջ Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն համար ջահի փոխադրումը, որ Քրեմլին պիտի մնայ երեք օր, ապա պիտի սկսի իր երկար ճանապարհը դէպի Սոչի՝ անցնելով Քալինինկրատէն, Պայքալ լիճէն , Էլբրուսի գագաթէն եւ նոյնիսկ՝ տիեզերքէն։

Աննախադէպ պատահար մը տեղի ունեցաւ «Կարմիր հրապարակին» վրայ, երբ հայ մարզիկի կողմէ ջահի փոխադրութեան ժամանակ բոցը մարեցաւ, զօրաւոր հովի հետեւանքով։ Լուծումը շուտով տուաւ ներկաներէն մէկը, որ իր գրպանէն հրահանը հանելով, դարձեալ վառեց ջահը։

60ամեայ Շաւարշ Կարապետեանը փայլուն արդիւնքներ արձանագրած էր լողի մէջ։ Վեթերան մարզիկին շատեր կը յիշեն նաեւ որպես անձնազոհ հերոս, երբ 37 տարիներ առաջ ան Երեւանեան լիճ ինկած թրոլէյ հանրակառքի մը արկածին ներկայ ըլլալով, երկու տասնեակ ուղեւորի կեանքը փրկած էր։ Իր հերոսական արարքի լուրը տարածուած էր աշխարհով մէկ։ Ան միշտ կը յիշէ թէ իրեն բազմաթիւ նամակներ ուղարկուած էին, ուր հասցէի փոխարէն գրուած էր՝ «Հայաստան. Յանձնելի՝ Շաւարշ Կարապետեանին»։

Սոչիի մէջ Ձմեռնային Ողիմպիականը Փետրուար 7¬23 պիտի կայանայ։

-------------------------------------------

2014ի Ձմեռնային Ողիմպիական մրցումներուն Հայաստանը պիտի ներկայացնէ դահուկորդ Արման Սարեպրաքեանը։
Ան Ֆիլատելֆիայի բժշկական համալսարանի ուսանող է։ Մասնակցած է դահուկարշաւի այլ մրցումներու մէջ եւ լաւ դասաւորումով դուրս եկած է։