Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Լիբանանի Հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանը մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը կը ծանուցանէ թէ Լիբանանի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան Ազգային երեսփոխանական ժողովի 10 Սեպտեմբեր 2013-ի արտակարգ նիստին ընթացքին ներկայացուցած է իր հրաժարականը:

Ազգային երեսփոխանական ժողովը բարձրօրէն գնահատելէ ետք առաջնորդ սրբազանին 18 տարիներու բոլորանուէր եւ արգասաբեր աշխատանքը, ընդունած է հրաժարականը եւ որոշած՝ որ ատիկա իրողական կը դառնայ 2 Հոկտեմբեր 2013-ին:

Չորեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2013-ին, նկատելով, որ առաջնորդական աթոռը թափուր է, Ազգային երեսփոխանական ժողովի դիւանի եւ Խառն ժողովի (Կրօնական ժողով եւ Ազգային վարչութիւն կամ Քաղաքական ժողով) միացեալ ժողովը, հիմնուելով Լիբանանի հայոց թեմի կանոնագրութեան 18-րդ յօդուածին վրայ. առաջնորդական տեղապահ ընտրած է Արժ. Տ. Յարութիւն Ա. քհնյ. Կոստանեանը:

Առաջնորդական տեղապահ քահանայ հայրը իսկոյն ձեռնարկած է նոր առաջնորդի ընտրութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն: